Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին իր հիասթափութիւնը յայտնած է Ռուսիոյ հետ պատերազմի վերաբերեալ Իսրայէլի դրսեւորած չէզոքութենէն, բայցեւ ենթադրած է, որ դիրքորոշման հնարաւոր փոփոխութիւնը կրնայ տեղի ունենալ մօտ ապագային այն բանէ ետք, երբ Երուսաղէմը վերջապէս համաձայնած է Քիեւին մատակարարել առաջադէմ կապի համակարգեր:
Ինչպէս գրած է cursorinfo.co.il կայքը, Զելենսքին այս մասին ըսած է իսրայէլեան Ovda հաղորդման տուած ընդարձակ հարցազրոյցի ժամանակ, որ հեռարձակուած է երկուշաբթի երեկոյեան, Իսրայէլի մէջ:
Զելենսքին ըսած է, որ չի կրնար «հասկնալ» Իսրայէլի դիրքորոշումը եւ անոր հրաժարումը Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր մատակարարելէ, թէեւ ան բազմիցս խնդրած է նման զէնք տրամադրել։
Միեւնոյն ժամանակ Զելենսքին ենթադրած է, որ Ռուսիոյ կողմէ իրանեան զէնքի օգտագործումը Ուքրանիոյ վրայ յարձակման ժամանակ կրնայ խթան հանդիսանալ Իսրայէլի համար:
«Մենք կը կռուինք նոր մեծ դաշինքի՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ, եւ այժմ յոյսով եմ, որ Իսրայէլը կ'օգնէ մեզի եւ խստօրէն կ'արձագանգէ եղածին», -ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ եւ այլ երկիրներու հետախուզութեան համաձայն՝ Ռուսիա ձեռք բերած է շուրջ 1500 իրանեան մարտական անօդաչու թռչող սարք։
«Մենք ամէն օր կը կռուինք Իրանի դէմ՝ 400 իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներ մեր ժողովուրդի, խաղաղ բնակչութեան, ենթակառուցուածքներու վրայ։ Մենք տեղեկութիւններ տուած ենք Իսրայէլին եւ ըսած. «Օգնեցէք մեզի հակաօդային պաշտպանութեան հարցով»... Մենք կրնանք միաւորուիլ հակաօդային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ այս չարիքի դէմ։ Իսրայէլի ռազմական ենթակառուցուածքներուն կամ հաստատութիւններուն մէջ կան նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք կրնան օգնել մեզի այս յարձակման, այս պատերազմի ժամանակ»,- ըսած է Զելենսքին։