Ցանկութիւն կայ, որ միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ բանակցութիւններ սկսին Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու եւ ատրպէյճանական իշխանութիւններու միջեւ։ Այս մասին այսօր «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան։
Ան կը կարծէ, որ կողմերը պէտք է խօսին բնակչութեան իրաւունքներու եւ երաշխիքներու բովանդակութեան շուրջ։
«Սա կ'ենթադրէ, որ պէտք է բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին նման բանակցութիւններու համար, մասնաւորապէս՝ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժի վերականգնման հարցի վերաբերեալ»,– յայտարարած է ան։
Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ իր երկիրը կ'աջակցի որեւէ լուծման, որ հնարավորութիւն կու տայ երաշխաւորել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութիւնը կրնայ շարունակել ապրիլ այնտեղ ապահով՝ պահպանելով իր պատմութիւնը, ժառանգութիւնը եւ մշակոյթը:
Անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի փակ ըլլալուն` ան յայտարարած է, որ այդ անընդունելի է։
«Այս իրավիճակը անընդունելի է, քանզի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար յղի է տնտեսական եւ մարդասիրական ճգնաժամի լուրջ վտանգներով»,– ըսած է ֆրանսացի նախարարը։
Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան Հայաստան ժամանելէ ետք իր թուիթըրեան էջին բաժնեկցած է Արարատի լուսանկարով:
Դիւանագէտը նշած է, որ ուրախ է ժամանելու Հայաստան՝ բարեկամ երկիր, որու հետ Ֆրանսան դարեր շարունակ կիսած է շատ բան, եւ որու խաղաղ ապրելու ձգտման իրենք կը սատարեն։