Պիտի մեկնարկէ սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի ձեւաւորման գործընթացը: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի՝ e-gov.am-ի մէջ տեղադրուած որոշումէն:
Այդ որոշմամբ մեկնարկը կը տրուի Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 2020 թուականի Փետրուարի 12-ի N 181-Ա որոշմամբ ստեղծուած` սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնաժողովի լուծարման եւ սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի ձեւաւորման գործընթացին:
Արդարադատութեան նախարարը մէկամսեայ ժամկէտի մէջ պէտք է կազմէ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին ներկայացնէ սահմանադրական բարեփոխումներու խորհուրդի ձեւավորման, խորհուրդի անհատական կազմն ու գործունէութեան կարգը հաստատելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի 2020 թուականի Փետրուարի 12-ի N 181-Ա որոշումը ուժը կորսնցուցած ճանչնալու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի որոշման նախագիծը: