image
Հրատապ լուրեր:

Մայր Աթոռի Մէջ Նոր Նշանակումներ

Մայր Աթոռի Մէջ Նոր Նշանակումներ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուած են եկեղեցականներու նոր նշանակումներ: 

Հոգեշնորհ Տ․ Տաճատ վարդապետ Ծատուրեանը, ազատուելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ստանձնած պարտականութիւններէն, նշանակուած է հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ եւ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանի կառավարիչ։

Արժանապատիւ Տ. Եսայի քահանայ Արթենեանը, ազատուելով Արարատեան Հայրապետական թեմին մէջ ստանձնած հոգեւոր պարտականութիւններէն, նշանակուած է Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն։ 

Արժանապատիւ Տ․ Արսէն քահանայ Միրզոյեանը, աւարտելով իր ուսումնառութիւնը Գերմանիոյ մէջ,  նշանակուած է Մայր Աթոռի «Քիւրքչեան» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնի հոգեւոր տեսուչ։ 

Արժանապատիւ Տ․ Երուանդ քահանայ Երանեանը, ազատուելով Մայր Աթոռի մէջ ստանձնած պարտականութիւններէն, ծառայութեան կոչուած է Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմին մէջ։