image

«Մայիս 28» պողոտայի անուանակոչութիւն եւ յուշարձանի բացում Պէյրութի մէջ

«Մայիս 28» պողոտայի անուանակոչութիւն եւ յուշարձանի բացում  Պէյրութի մէջ

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, նախագահութեամբ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանի, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին, երէկ` 16 յուլիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին կից տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած` «Մայիս 28» պողոտային անուանակոչութիւնը եւ բացումը յուշարձանին, որուն հեղինակն է հայրենի քանդակագործ Կակոն:

Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան,  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Էտի Մաալուֆ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Բենիամին Պչաքճեան եւ Յակոբ Խաչերեան, Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ` Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս խօշեան, Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր-Ապու Շարաֆ, տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ժողովուրդ:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ նախ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտական խումբերու տողանցք:

Բացման խօսքը արտասանեց Վիգի Ախոյեան: Ան բացատրեց, որ այդ յուշարձանը կենդանի խորհրդանիշն է ամբողջական, միացեալ ու միակամ հայութեան` Հայաստանով, Արցախով եւ սփիւռքով, իբրեւ անբաժանելի երրորդութիւն: 

Ապա Շահէ եպս. Փանոսեան, Գէորգ եպս. Ասատուրեան, դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Բենիամին Պչաքճեան եւ Յակոբ Խաչերեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, քաղաքապետ Ժորժ Սըմաան, փոխքաղաքապետ Լեւոն Տէր Սարգիսեան եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան կատարեցին յուշարձանի բացումն ու փողոցի անուանակոչութեան վերաբերող յուշաքարի քողազերծումը:

Անկէ ետք յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետ Ժորժ Սըմաանին:

Այս առիթով իր հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը արտայայտեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ դիտել տուաւ, թէ լիբանանեան այս շրջանին մէջ վերանուանուած փողոցին տրուած է հայ ժողովուրդի հազարաւոր տարիներու պատմութեան ամէնէն բախտորոշ թուականներէն մէկ հատին անունը:

Աւարտին իր խօսքը արտասանեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ նախ արաբերէնով շնորհակալութիւն յայտնեց Պսալիմ-Մըզհեր-Մաժզուպի քաղաքապետական խորհուրդին, յատկապէս քաղաքապետին, որ բարեկամ է բոլորին, որուն դռները բաց են շրջանի բնակիչներուն դիմաց` լսելու անոնց մտահոգութիւնը, պահանջները եւ փորձելու անոնց գոհացում տալ: Յակոբ Բագրատունի աւելցուց, որ Պուրճ Համուտէն եւ Այնճարէն ետք այս քաղաքապետութիւնը երրորդ հայկական քաղաքապետութիւնը կարելի է նկատել` շրջանի բնակիչներուն եւ պատասխանատուներուն հետ եղած կապէն մեկնելով:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ արձանին մէջ դաստիարակութիւն կայ, խօսող իրականութիւն, սերունդներու կանչ, յիշեցում եւ ժառանգ` անցեալէն եկած ու ապագայի սերունդները պարտաւորեցնող: «Անոնք պէտք է տեսնեն, որ այդ դրօշակը եւ այս բռունցքը պայքարով, արեամբ, քրտինքով կերտուած հայրենիքի անկախութեան բռունցքն է եւ դրօշակը, որոնք կը խորհրդանշեն իւրաքանչիւր անհատի անկախ ու ազատ մտածողութիւնը` ի խնդիր իր ժողովուրդին, հայրենիքի բարգաւաճման, անվտանգութեան, որ միայն հողային չէ, այլ նաեւ ընկերային, տնտեսական, աւանդներու, կրօնական, եկեղեցական, գրական, մշակութային անվտանգութիւնն է, որ ինքնիր մէջ կը պահէ անկախութեան գաղափարը, որպէսզի կերտուի աւելի հզօր Հայաստան, Արցախ, սփիւռք, որոնք պիտի պաշտպանեն զիրար: Թող ասիկա յուշ ըլլլայ մեզի, ժառանգ ըլլայ մեզի», եզրափակեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: