image

Մաքրոն չէ ընդունած վարչապետ Կապրիէլ Աթալի հրաժարականը

Մաքրոն չէ ընդունած վարչապետ  Կապրիէլ Աթալի  հրաժարականը

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երկրի վարչապետ Կապրիէլ Աթալէն խնդրած է շարունակել կառավարութեան ղեկավարի պարտականութիւնները: Տեղեկութիւնը յայտնած է BFMTV-ն։

Աթալ հրաժարական տուած էր խորհրդարանի արտահերթ ընտրութիւններու յաջորդ օրը, երբ նախագահ Մաքրոնի դաշինքը չէր կրցած գրաւել առաջին տեղը։

«Մաքրոնը խնդրած է Աթալէն առայժմ մնալ վարչապետի պաշտօնին՝ երկրի մէջ կայունութիւն ապահովելու համար», - նշած է հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով նախագահի վարչակազմին: