Պապ Ալ Հաուա անցակէտը միակ անցումն է, որով օգնութիւնը կրնայ փոխադրուիլ Իտլիպի մէջ եւ շրջակայքը գտնուող սուրիական կառավարութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող շրջաններ` առանց սուրիական կառավարութեան կողմէ վերահսկուող տարածքներով անցնելու:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը պիտի քննարկէ Սուրիա-Թուրքիա սահմանին գտնուող Պապ Ալ Հաուա անցակէտով Սուրիա մարդասիրական օգնութեան առաքման տեւողութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ «Մայատին»ը:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր` Ուրբաթ օր, նիստ հրաւիրած է այն բանէն ետք, երբ ստիպուած եղաւ յետաձգել Սուրիա մարդասիրական օգնութեան առաքումը երկարաձգելու վերաբերեալ քուէարկութիւնը, երբ չկրցաւ փոխզիջման հասնիլ, թէ որքան ժամանակով այն ուժի մէջ պիտի մնայ:
Թէեւ խորհուրդի հերթական նիստը հրաւիրուած է, սակայն պարզ չէ եթէ հետագայ խորհրդակցութիւններ, թէ քուէարկութիւն տեղի պիտի ունենան:
Խորհուրդի 15 անդամներուն միջեւ փակ քննարկումները շարունակուած են մինչեւ Հինգշաբթի երեկոյ, սակայն տարաձայնութիւնները չեն կրցած հարթել: Նորվեկիոյ եւ Իրլանտայի կողմէ մշակուած բանաձեւի նախագիծը կը նախատեսէ «Սուրիա-Թուրքիա սահմանին Պապ Ալ Հաուա անցակէտի օգտագործումը, որով ամսական հարիւրաւոր օգնութեան բեռնատարներ կ'անցնին, մինչեւ 2023 թուականի Յուլիս 10 երկարաձգել»:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրլանտայի դեսպան Ճերետին Պիրն Նասոնը երէկուան հանդիպումէն յետոյ ըսած է. «Մենք կ'աշխատինք համաձայնութեան հիմք գտնելու համար: Այս սենեակին մէջ մէկը չի փափաքիր բաժանումը այս կարեւոր հարցին շուրջ, բայց մենք աւելի շատ աշխատանք ունինք ընելու: Մենք պիտի սկսինք աշխատելու հիմա եւ յոյսով ենք, որ առաւօտեան պիտի վերադառնանք լուծումներով»:
Պապ Ալ Հաուա անցակէտը միակ անցումն է, որով օգնութիւնը կրնայ փոխադրուիլ Իտլիպի մէջ եւ շրջակայքը գտնուող սուրիական կառավարութեան վերահսկողութենէն դուրս գտնուող շրջաններ` առանց սուրիական կառավարութեան կողմէ վերահսկուող տարածքներով անցնելու, եւ այն կ'օգտագործուի ՄԱԿ-ի կողմէ 2014 թուականէն: