image

Մահացած է Պոլսահայ անուանի բարերար ՝ Վրթանէս Սաաթճին

Մահացած է Պոլսահայ անուանի բարերար ՝ Վրթանէս Սաաթճին

Կիրակի 24 յուլիս 2016-ին Իտալիոյ իր բնակարանին մէջ խաղաղ մահով կեանքէն հեռացած է պոլսահայ ազգային բարերար Վրթանէս Սաաթճին: Ողբացեալը բարերարութիւններ ըրած է Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցէն, կեդրոնական վարժարանէն ու Կազդուրման Կայանէն ներս: 2009-էն սկսեալ  Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցէն ներս բարերարին անունով վերանորոգուած  է բաժիններ, որոնցմէ առաջինն էր Հոգեբուժական յարկաբաժինը: Ամիսներ առաջ հիւանդանոցի մէջ բացուած էր նաեւ Սաաթճի ամենավերջին բաերաութեամբ վերանորոգուած ու վերաբացուած Կիւլպէնկեան հանգստարանը, զոր մկրտած էր իր քրոջ Մայտա Սաաթճի անունով:

Վրթանէս Սաաթճի, որ 76 տարեկան հասակին կնքեց իր մահկանացուն, աւարտած էր Պոլսոյ Մեսրոպեան նախակրթարանը, ապա միջնակարգի ու լիսէի իր ուսումը ստացած էր Կեդրոնականի մէջ:  Ան 22 տարեկանին տեղափոխուած էր Արժանթին ապա անցած՝ Փարակուայ եւ վերջն ալ Զուիցերիա:  Իսկ վերջին երկու տարիներու ընթացքին ան ստիպուած էր բնակիլ Իտալիոյ մէջ:

Ըստ իր կտակին, Վրթանէս Սաաթճիի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Պոլսոյ մէջ: