83 տարեկանին մահացած է Եզիտիներու ազգային միութեան նախագահ, եզիտական համայնքի ղեկավար՝ Ազիզ Թամոյեանը։ Այս մասին դիմատետրի իր էջով տեղեկացուցած է Հայաստանի երիտասարդ եզիտիներու միութեան ղեկավար՝ Սայիտ Աւտալեան:
«Մարդ, ով իր ողջ կեանքը նուիրեց եզտի ազգի ինքնութեան պահպանմանը, հայ-եզտիական բարեկամութեան ամրապնդմանը։
Ցաւակցում եմ Թամոյեան գերդաստանի ներկայացուցիչներին եւ ողջ եզտի ազգին»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ազիզ Ամարի Թամոյեան ծնած է 1 յուլիս 1933-ին, Շահումեանի շրջանի Ամօ գիւղ, այժմ՝ ՀՀ Կոտայքի մարզի Զովունի գիւղ: 30 սեպտեմբեր 1989-ին ընտրուած է ՀՀ Եզիտիներու ազգային միութեան նախագահ, իսկ 1997-ին՝ «Աշխարհի Եզիտիներու ազգային միութիւն» կազմակերպութեան նախագահ։
Մասնակցած է եզիտիերէն դասագրքերու ստեղծման եւ ղեկավարած անոնց աշխատանքը։ Միեւնոյն ժամանակ «Եզտի ժողովրդի սխրանքը Ղարաբաղեան պատերազմում», «Մենք Եզիտի ենք», «Մի գերդաստանի պատմութիւն», «Եզիտի ժողովրդի մասնակցութիւնը Ղարաբաղեան պատերազմում» գրքերու հեղինակն է։