image

«Լոյս»ի ուշադրութեան կեդրոնը հայութեան յուզող թեմաներն են. Պոլսոյ մէջ պիտի նշուի «Լոյս» պարբերականի հնգամեակը

«Լոյս»ի ուշադրութեան կեդրոնը հայութեան յուզող թեմաներն են. Պոլսոյ մէջ պիտի նշուի «Լոյս» պարբերականի հնգամեակը

Պոլսոյ «Istanbul club»-ի մէջ, 27 մայիսին պիտի նշուի Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող «Լոյս» պարբերականի հիմնադրման հինգերորդ տարեդարձը: Տօնակատարութեան ներկայ պիտի ըլլան Պոլսոյ հայ համայնքի անուանի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ  պատրիարքի փոխանորդ սրբազան Արամ Աթէշեանը եւ տեղապահ Գարեգին Արք. Պէքճեանը: Այս մասին  «Արեւելք» տեղեկացաւ «Լոյս» պարբերականի հիմնադիր, խմբագիր Արամ Քուրանէն, որ թերթի հիմնադրման մասին ըսիւ. «Հաւատարիմ մնալով հայ մամուլի աւանդոյթներուն, որոշեցինք հիմնել մամուլի միջոց մը, որու ուշադրութեան կեդրոնը ըլլայ մեզ յուզող թեմաներ եւ ընթերցողները այնտեղ իրենց հոգեհարազատ թեմաներ գտնեն: Այսօր, հիմնադրութենէն հինգ տարի անց արդէն կրնանք ըսել, որ թերթը ծառայած է իր նպատակին, անոր էջերուն հանգամանալից անդրադարձ  կը կատարուի զանազան թեմաներու մասին եւ ունի ընթերցողներու մեծ բանակ  ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, ուր լոյս կը տեսնէ, այլ նաեւ՝ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի, ուր թերթը փոստով կը հասնի»: 

 

Թերթի խմբագիր Քուրան նաեւ տեղեկացուց, որ տօնակատարութեան ընթացքին, որպէս գործընկերներու աշխատանքի գնահատանք, ամէն տարուայ նման, պատուոգրեր պիտի յանձնուի մամուլի տարբեր գործիչներու:  Այս տարի պատուոգիր պիտի շնորհուի «Ժամանակ» թերթի աշխատակից, մամուլի բազմամեայ մշակ Տիկ. Նատիա Քոչունեանին: 

 

Նշենք, որ «Լույս»-ի  հիմնադիրները Քուրան ընտանիքի անդամներն են: Թերթը թրքերենի կողքին ունի հայերէն բաժին եւս, ուր կը տպագրուի գրող Սարգիս Ադամի յօդուածները: «Լոյս»ի մէջ առաւելաբար մշակութային թեմաներ կը շօշափուին: Հայաստաի վերաբերող լուրերը նոյնպէս հիմնական մշակութային եւ մարզական են: «Մենք այս ուղղուածութեան վրայ շեշտը դրինք, հաւատալով, որ մեր հայրենիքը մշակութային օրրան է, եւ պատմական բոլոր փուլերուն մշակոյթը եղած է մեր ազգի գլխաւոր ուղեկիցը»,- ըսաւ Քուրան, աւելցնելով, «Ինչպէս գիտէք, Թուրքիոյ մէջ կը գործէ Հրանդ Տինքի անուան դպրոց, ուր կը սորվին Հայաստանէն Թուրքիա եկած ընտանիքներու երեխաներ: Այդ դպրոցի հետ կապուած նորութիւնները եւս մեր թերթի ուշադրութեան կենդոնին է, յաճախ կ'անդրադառնանք եւ կը բարձրաձայնենք անոր վերաբերող հարցերը»: 

 

«Արեւելք»ի զրուցակիցը նաեւ տեղեկացուց, որ շուտով պիրի հեռարձակուի «Լոյս» TV-ն, որ արդէն սկսած է կենդանի հեռարձակումով ներկայացնել տարբեր իրադարձութիւններու մասին հաղորդումներ: Ինչպէս նշեց ան, TV-ի հաղորդումներուն համար ներկայիս նիւթեր կը պատրաստուին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու եւ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութեան հետ կապուած: Ներկայ դրութեամբ «Լոյս» TV-ի նիւթերու օրական դիտումներու քանակը կը հատեն 25000-ի շեմը:

 

Նշենք, որ իր հնգամեակը բոլորած «Լոյս»ը որոշակի պարբերականութեամբ լոյս տեսնող ամսաթերթ է: Աշխարհի մէջ անոր վաճառքի քանակը օրական կտրուածքով կը կազմէ 10000 օրինակ: