image

«Լուքաշենքօն եթէ սխալի՝ խնդիրներ կ՚ունենայ». Մաքրոն

«Լուքաշենքօն  եթէ սխալի՝ խնդիրներ կ՚ունենայ». Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն France 2 հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է, որ ուքրանական հակամարտութեան մէջ ներգրաւուելու պարագային Պելառուսիոյ առաջնորդ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն խնդիրներ պիտի ունենայ:

«Եթէ նախագահ Լուքաշենքօն որոշէ աւելի շատ նուիրուիլ այս պատերազմին, ապա այդ քայլը պիտի ըլլայ իր ժողովուրդի զգալի մասի խորհուրդին հակառակ եւ՝ պիտի ստանձնէ պատասխանատւութիւնը, որ, կը կարծեմ, իրեն խնդիրներ պիտի ստեղծէ»,- ըսած է Ֆրանսայի ղեկավարը:

Ան յիշեցուցած է, որ Պելառուսիոյ դէմ պատժամիջոցները արդէն սահմանուած են այն ժամանակէն, երբ Մինսքը թոյլ տուած է ռուս զինուորականները տեղակայել իր տարածքին։

Նոյն հարցազրոյցին Մաքրոնն ըսած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը «պէտք է վերջ դնէ այս պատերազմին» եւ «վերադառնայ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ»՝ յարգելով «Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը»։ Ան նաեւ նշած է, որ բանակցութիւնները կը բխին Քիեւի «շահերէն»։