image

Լոս Անճելըսի մէջ. Հայց. Առաքելական Եղբայրակցութեան պատուիրակութեան այցը՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանին

Լոս Անճելըսի մէջ. Հայց. Առաքելական Եղբայրակցութեան պատուիրակութեան այցը՝  Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանին

Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը  օրերս այցելութիւն տուած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի (Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան) Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին։

 Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ  Թեմի դիմատետրեան էջէն։

 Ստորեւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ, 7 Փետրուար 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներու, գլխաւորութեամբ ատենապետ Եղբ. Աւօ Կաբակչուզեանի: 

Եղբայրակցութեան գլխաւոր ներկայացուցիչ՝ Եղբ. Կապակչուզեան առաջին հերթին դիտել տուաւ, որ թէեւ ծրագրած էին Յունուար ամսուան առաջին շաբաթներուն, տօնական օրերու առիթով, աւանդութիւն դարձած իրենց շնորհաւորական այցելութիւնը տան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, սակայն Փասատինայի հրդեհները պատճառ դարձան, որ ուշացումով ներկայանան Ազգ. Առաջնորդարան: 

Հանդիպման ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր վշտակցութիւնը յայտնեց Փասատինայի շրջանի հրդեհներուն պատճառած հոգեկան կորուստներու եւ նիւթական աւերներուն առիթով, ապա ազգային եւ հոգեւոր աւանդներու վերակենսաւորման անհրաժեշտութեան լոյսին տակ, ան աւանդապահ Եղբայրակցութեան փոխանցեց իր գնահատանքն ու հայրական ողջոյնները՝ ապահով, անվնաս եւ արդիւնաւէտ տարի մը մաղթելով ամբողջ շրջանի հայութեան: 

Մեծ Պահքի ընդառաջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ իրազեկ դարձաւ Եղբայրակցութեան հոգեւոր եւ մարդասիրական գործունէութեան, կատարուելիք աշխատանքներուն ու հետագայ ծրագիրներուն մասին եւ տուաւ համապատասխան ցուցմունքներ: 

Այնուհետեւ, հիւրերը փափաք յայտնեցին, որ Պահքի սուրբ օրերուն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրhնաբեր այցելութիւնը շնորհէ նաեւ Եղբայրասիրաց աղօթարանին եւ դառնայ աղօթակից իրենց: