image
Հրատապ լուրեր:

Լիպիա. Սուրիացի վարձկանները կ'ուզեն վերադառնալ իրենց երկիր, բայց Թուրքիան կը մերժէ

Լիպիա. Սուրիացի վարձկանները կ'ուզեն վերադառնալ իրենց երկիր, բայց Թուրքիան կը մերժէ

Օրերս  «Սուրիոյ Մարդու իրաւունքներու դիտարան»ի  աղբիւրները յայտնած են, որ  Անգարա,   անցնող  գդթէ    6 ամիսներու   թերացած է   վճարել Լիպիա գտնուող սուրիացի վարձկաններու   գումարները 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղականայ   «Ալ  մարսատ ալ սուրի» կայքէն։

Ըստ աղբիւրին, թրքական կառավարութիւնը կը ճնշէ վարձկանները եւ կը սահմանափակէ անոնց տեղաշարժը արգիլելով դուրս   գալ Լիպիոյ  զօրանոցներէն, նաեւ խիստ պատիժներ կը սահմանէ բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կը փորձեն հեռանալ, կամ   խոյս տալ  իրենց «ծառայութիւն»էն: 

  Աղբիւրը  նաեւ  կը նշէ, որ վարձկանները բողոքելով իրենց ցած ամսավճառներէն  ու ղեկավարներու վատ վերաբերմունքէն անընդհատ կը  պահանջեն վերադառնալ  Սուրիա, սակայն կը բախին     թուրք  զօրահրամանատարներու մերժումներուն։

Միւս կողմէ սուրիացի վարձկանները մտահոգ են, թէ ինչ կը կատարուի «Եփրատի վահան» գործողութեան հետեւանքով թրքական ուժերու  եւ անոնց գերակայութեան տակ եղած ուժերուն  վերահսկողութեան տակ: Վարձկանները կը փորձեն ցոյցեր կազմակերպել ընդդէմ Թուրքիոյ քաղաքականութեան, ի մասնաւորի  Սուրիոյ իշխանութեանց հետ հաշտեցումի հարցով։

Հարկ է նշել, որ Լիպիոյ մէջ կը գտնուի մօտ 7000 վարձկան «Ազգային բանակի» տարբեր կազմերուն մէջ, բացի այն սուրիացիներէն, որոնք  մաս կը կազմեն Լիպիոյ մէջ  ապահովական գործունէութիւն ծաւալող եւ «Վակնըր» անունով  յայտնի   ռուսական     ընկերութեան։