image

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մեկուսացումը կը շարունակուի. ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ

Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մեկուսացումը կը շարունակուի. ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ

ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Նաթալի Պրոտհերսթ  կոչ ըրած է անմիջապէս վերականգնելու տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով, թոյլ տալու միջազգային կազմակերպութիւններուն աշխատիլ տեղւոյն վրայ, հաշուի առնելու ԼՂ բնակչութեան իրաւունքները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն:

«Լաչինի միջանցքի շարունակուող արգելափակումն Ատրպէյճանի կողմէ կը շարունակէ մեկուսացնել ԼՂ բնակչութիւնը աշխարհի մնացած մասէն առանց որեւէ իրաւաչափ պատճառի»,- Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական ճգնաժամի հարցով նիստին յայտարարած է դիւանագէտը։

«Այդ կը հակասէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներուն»,- ընգծած է ան՝ նշելով կազամատակարարման, ելեկտրականութեան, ջուրի եւ սնունդի հետ կապուած խնդիրները։

Ըստ անոր՝ այս ամէնուն հետեւանքով ստեղծուած է մարդասիրական ճգնաժամ։ 

ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի ներկայացուցիչը յիշատակած է Արդարդատութեան միջազգային դատարանի վճիռը, որ կը պահաջէ Ատրպէյճանէն ապահովել Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը։

Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութեան զուգահեռ Ֆրանսան կ'աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկխօսութեան ջանքերուն։