Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյց ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
Նախարարները քննարկած են Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի պայմանաւորուածութիւններու կատարման հարցը՝ հաշուի առնելով ԼՂ հակամարտութեան գօտիին մէջ հրադադարի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու դադրեցման մասին նոյեմբերեան եռակողմ փաստաթուղթի մօտալուտ մէկամեակը:
«Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է հրատապ մարդասիրական խնդիրներու լուծման յառաջխաղացման, առաջին հերթին՝ պահուող անձերու վերադարձին, ականապատ դաշտերու քարտէզներու փոխանցման եւ մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման։ Դիրքորոշումներու յստակացում տեղի ունեցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին լարուածութեան թուլացման, Հարաւային Կովկասի մէջ բոլոր ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման, տարածաշրջանային համագործակցութեան համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծելու հարցերու շուրջ։ Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային միջադէպերու քաղաքական եւ դիւանագիտական կարգաւորման ուղղուած ջանքերու շարունակականութեան կարեւորութիւնը։
Անդրադարձ կատարուած է հայ-ռուսական համագործակցութեան արդի երեւոյթներուն՝ հաշուի առնելով տարբեր մակարդակներու մէջ յառաջիկային սպասուող երկկողմ շփումները։ Նշուած է դաշնակցային համագործակցութեան առաջանցիկ զարգացումը։
Արտաքին յարաբերություններու գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են նաեւ շարք մը միջազգային եւ տարածաշրջանային թեմաներ», կ'ըսուի Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։