Ազգային ժողովի մէջ իրավիճակը լարուեցաւ, քաշքշուկ սկսաւ իշխանական եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու միջեւ, Գեղամ Մանուկեանն ու Վահէ Ղալումեանը քաշքշեցին իրար։
ԱԺ արտահերթ նիստին իրավիճակը լարուեցաւ, երբ ՔՊ խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը յիշեցուց, որ 1915թ. ցեղասպանութենէն 3 տարի անց ՀՅԴ-ն բերած էր Թուրքիոյ հետ հաշտութեան եւ բարեկամութեան մասին պայմանագիր, եւ այդ չէր համարած ուրացում. «110 տարի անց երեսպաշտօրէն ուզում էք բերել նախագիծ՝ ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնելու համար»։
«Ի՞նչ ներքին վէճ ունէք դուք, ես չեմ հասկանում։ Ակնյայտ ներքին վէճ ունեք»,- ըսած է Ալեն Սիմոնեանը՝ աւելցնելով,- «Դուք ձեր մէջ ներքին վէճ ունեք՝ ՀՅԴ-ականներով, «Հայաստան» դաշինքի միւս անդամներն էլ «պլեն» են ընկել այս խօսակցութեանը»։
Արծուիկ Մինասեանն ուզեց արձագանգել, կոչ ըրաւ մեկնաբանութիւններ չընել։
«Նստէք, նստէք...ինչո՞ւ չանեմ։ Նստէք։ Լաւ, կանգնիր, Մինասեան։ Դու էլ նստած մնայ»,-ըսաւ Սիմոնեանը՝ դիմելով Իշխան Սաղաթէլեանին։
Սաղաթէլեանի՝ տեղէն արձագանգին Ալեն Սիմոնեանը հակադարձեց. «Մանկապարտէզ չի, հանգիստ։ Նախ, Դուք-ով խօսիր, երիտասարդ, լսո՞ւմ ես, նստի տեղդ, հանգստացի»։ Իշխան Սաղաթէլեանն ալ տեղէն պոռաց։
Այնուհետեւ քաշքշուկ սկսաւ ՔՊ եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններու պատգամաւորներու մէջ` սկիզբը քաշքշուկ եղաւ Վահէ Ղալումեանի եւ Գեղամ Մանուկեանի միջեւ, այնուհետեւ միջամտեցին միւս պատգամաւորները։
ԱԺ նախագահը 20 վայրկեան ընդմիջում յայտարարեց։