Մաթիկ Էպլիղաթեան լուսանկար մը հրապարակած է՝ խնդրելով ամբողջացնել անունները.
Սիրելի՛ հալէպահայեր եւ ՀՄԸՄական քոյրեր ու եղբայրներ: Կցուած նկարը Հալէպի Թիլելի պատմական ակումբին մէջ քաշուած է 2 Դեկտեմբեր 1981-ին: Երեւի վաստակաշատ երեց եղբայրներու պարգեւատրում է, ոմանց ձեռքը յուշադրօշ կայ, շրջաններէն ալ եկողներ կան:
Ստորեւ թիւերու դիմաց, գրած եմ անունները յիշած անձնաւորութիւններուս, փափաքելի է ձեր կողմէ ամբողջացնել, թիւ եւ անուն յիշելով, միայն անուն գրելը բաւարար չէ, պատկերին մէջ ներկաներուն ամբողջական ցանկը պատրաստելու համար:
Հաճեցէք գրել նաեւ առիթը եթէ գիտէք:
Նստած ձախէն՝ աջ, 1.(---), 2.(---), 3.Մանուկ Յովհաննէսեան «ՄՈՒԽԸ ՄԱՐԷ», 4.(---), 5.Պարգեւ Միսիրեան, 6.(---), 7.(---), 8.(---), 9.(---): Երկրորդ շարք՝ ձախէն աջ, 10.Աբրահամ Աւընեան, 11.Ճորճ Տաուլէ, 12.Սարգիս Ճապաղջուրեան, 13.(---),14. Թադէոս Թիւթելեան, 15(---), 16.Եդուարդ Ճինոյեան «ԱԳԵԼԼԱ», 17.Յակոբ Քեշիշեան «Ֆանֆառի ղեկավար», 18.(---)19.(---)20. Յովհաննէս Խաչատուրեան: Երրորդ շարք՝ ձախէն աջ, 21. Պաղտասար Թիւրպէնտեան, Աւօ Թումայեան «ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԱԼՊՈՄ»ի հրատարակիչ, 22.Քոյր Անահիտ Խուպեարեան 23. Քոյր Մարի Պաղտասարեան«Պաղտիկ», 24.Խորէն Նազարեան, 25.Ալեքսան Իսկէնտերեան, 26.Լեւոն Պագգալեան, 27.Զաւէն Տէրվիշեան, 28. Տիգրան Չափանեան, 29. Յակոբ Էլէյճեան, 30.Սուրէն Նազարեան: