image

Կիպրոսի վարչապետը հաստատած է, որ երկիրը մտադիր է անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին

Կիպրոսի վարչապետը հաստատած է, որ երկիրը մտադիր է անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Խրիսթոտուլիտիսը հաստատած է ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալու՝ իր երկրի մտադրութիւնը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին գրած է Deutsche Welle-ի ռուսական ծառայութիւնը։

Նոյեմբեր 28-ին ան լրագրողներուն ըսած է, որ Նիկոսիան Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններ կը վարէ դաշինքին անդամակցելու ուղիներու շուրջ։ Խրիսթոտուլիտիսի խօսքով՝ այն փաստը, որ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը չի կրնար ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւն դառնալ Թուրքիոյ առարկութիւններու պատճառով, երկրի բանակը կը զրկէ ինչպէս արդիականացման, այնպէս ալ ռազմական սարքերու ձեռքբերման բազմաթիւ հնարաւորութիւններէն։

Խրիսթոտուլիտիսը նշած է, որ Կիպրոսն ԱՄՆ-ի հետ կը քննարկէ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին հանրապետութեան անդամակցութեան երեք առաջարկուող մակարդակներ։

Նիքոս Խրիսթոտուլիտիսը նշած է, որ Կիպրոսի համար զսպող կարողութիւններու ամրապնդումն առաջնահերթ նշանակութիւն ունի. երկիրը հնարաւորութիւններ կը փնտռէ ինչպէս ՆԱԹՕ-ի եւ ԱՄՆ-ի, այնպէս ալ ԵՄ-ի պաշտպանական ծրագրերու միջոցով, որոնց կղզին կը մասնակցի։ Խրիսթոտուլիտիսը Կիպրոսի հիմնական առաւելութիւնը համարած է կղզիի աշխարհագրական դիրքը «առանձնայատուկ աշխարհառազմավարական նշանակութիւն ունեցող տարածքին մէջ»: Ան նաեւ հաստատած է, որ կղզիի ռազմածովային եւ ռազմաօդային կայաններու արդիականացման որոշումները արդէն ընդունուած են, եւ որ Կիպրոսը ԵՄ-ի հետ քննարկումներ կ՚ունենայ ռազմածովային, իսկ ԱՄՆ-ի հետ՝ ռազմաօդային կառոյցներու շուրջ։

ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու հնարաւոր յայտի ժամկէտներու մասին հարցին նախագահը պատասխանած է. «Որքան քիչ խօսինք այդ մասին, այնքան աւելի մօտ կ՚ըլլանք մեր նպատակին»:

Կիպրոսի անդամակցութիւնը ՆԱԹՕ-ին կրնայ կարեւոր նախադէպ դառնալ: Ըստ դաշինքի կանոններու՝ չլուծուած տարածքային խնդիրներ ունեցող պետութիւնը չի կրնար ընդգրկուիլ դաշինքի կազմին մէջ։ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը կը վերահսկէ համանուն կղզիի շուրջ 60%-ը, որու մնացած տարածքին կը տիրէ չճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւնը։