image

Կիպրոսի հարցով բանակցութիւններուն վերադառնալու պայմանը Հիւսիսային Կիպրոսի ճանաչումն է․ Էրտողան

Կիպրոսի հարցով բանակցութիւններուն վերադառնալու պայմանը Հիւսիսային Կիպրոսի ճանաչումն է․ Էրտողան

Անգարան պիտի շարունակէ վճռականօրէն պաշտպանել ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան շահերը Արեւելեան Միջերկրական ծովին մէջ։

Այս մասին Հիւսիսային Կիպրոս այցի ընթացքին ինքնահռչակ այդ երկրի ղեկավար Էրսին Թաթարի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը:

Ան նշած է, որ Կիպրոսի հարցով բանակցութիւններուն վերադառնալու պայմանը Հիւսիսային Կիպրոսի ճանաչումն է։ Էրտողանի խօսքով՝ տարածաշրջանին մէջ Անգարայի քաղաքականութիւնը հիմնուած է խաղաղութեան ձգտման վրայ։

«Թուրքիոյ ճանապարհային քարտէզը տարածաշրջանի համար պարզ է, եւ այն կեդրոնացած է խաղաղութեան վրայ: Մենք հանդէս կու գանք Եգէական ծովը խաղաղութեան ծով դարձնելու օգտին»,-ըսած է ան։