(Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին առիթով)
Լիբանանի անկախութեան նշումը ներկայ պայմաններուն մէջ հեռու է տօնական ըլլալէ: Անկախութեան տօնի նշումին պետական աւագանիի համախմբումը, եռանախագահութեան մէկտեղումով փոխանցուած միջհամայնքային համակեցութեան խորհուրդը եւ անոնց դիմաց զինեալ ուժերու շքերթը արդէն յուշ են լիբանանցի ժողովուրդին համար: Չունինք հանրապետութեան նախագահ, չունինք ամբողջական լիազօրութիւններով գործող վարչապետ. կը շարունակէ պաշտօնավարել խորհրդարանի նախագահը, որուն վերապահուած հիմնական առաքելութիւնը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը յաջողցնող խորհրդարանի նիստի կայացումն է:
Այս համապատկերին մէջ լիբանանցի ժողովուրդը կը նշէ Անկախութեան օրը, գուցէ նաեւ առանց առաջադրելու պետական հաստատութիւններու լիիրաւ վերագործարկումը` սկսելով նախագահի ընտրութենէն: Իրադրութիւնը այնպէս է, որ թէ՛ քաղաքական դաշտը եւ թէ՛ հասարակարգը ընդհանրապէս կը սպասեն նոր ելակէտի մը, բանակցային գործընթացի նոր մեկնարկի մը, որուն կայացման որոշումը յայտնաբար լիբանանցիներուն չի պատկանիր: Կը թուի, որ կայ լուռ հաւաքական ենթագիտակցութիւն, որ նախագահի ընտրութեան, վարչապետի նշանակման, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի թեկնածուի անունին շուրջ համաձայնութեան, բանակի հրամանատարի պաշտօնավարման երկարաձգման կամ ընդհանրապէս պետական հաստատութիւններու վերագործարկման որոշումները լիբանանցիներուն չեն պատկանիր: Պիտի հասուննայ տակաւին ելակէտային ժամը, որմէ ետք իրերայաջորդ կշռոյթներով բնականոն հուն դառնայ պետութիւնը:
Անկախութիւնը ամէն բանէ առաջ պետութիւն կ՛ենթադրէ. իսկ պետութիւնը իր գործառոյթներու իրականացման համար ամբողջական լիազօրութիւններ ունեցող պաշտօններ: Չկան պաշտօններ զբաղեցնողները, կան մասնակի, ընթացիկ աշխատանքներ վարողներ. կայ ուրեմն ընթացիկ պետութիւն եւ ժողովուրդ, որ կը համակերպի այդ ընթացիկութեան:
Այս ընթացիկութիւնը ինքնահոսութեան առաջնորդած է ամբողջ երկիրը: Ինքնահոս ձեւով կը ղեկավարուին թէ՛ պետութիւնը, թէ՛ տնտեսութիւնը, եւ թէ ընդհանրապէս հասարակարգը: Ընթացիկ պետութիւն, ընթացիկ հասարակարգ: Ահա՛ լիբանանեան բանաձեւը:
Ինքնահոս դրութեամբ շուկան կ՛ընթանայ, նոյն եղանակով դրամանիշը անբացատրելիօրէն կը կայունանայ, նոյն եղանակով ֆինանսական շրջանառութիւններ տեղի կ՛ունենան ներքին եւ արտաքին` դրամատնային անդամալոյծ վիճակով, կալուածային, բեռնափոխադրութեան եւ ինքնաշարժներու պետական արձանագրութիւններու բաժիններ կ՛առկախուին, յետոյ կը վերագործարկուին ընթացիկ աշխատելաձեւերով, դեղորայքը կը բացակայի, յետոյ կը ներածուի նոյն տրամաբանութեամբ, հիւանդանոցային ծառայութիւնները կը գործեն առանց պետական նեցուկի, եւ կեանքը կ՛ընթանայ լիբանանեան հունով: Ընթացիկ կարգով:
Վերջին երեւոյթը, սահմանային պատերազմը: Կարծէք այլ երկիր մըն է պատերազմի մէջ յայտնուածը սահմանային գօտիի գիծերը չհատող պատերազմ մը, որ լիբանանեան ընթացիկութեան տրամաբանութեամբ կ՛ընթանայ:
Այս բոլորին սովորականացումն է, որ պարուրած է ամբողջ Լիբանանը` պետականութեամբ եւ հասարակարգով: Ընթացիկ են բարձրագոյն թափուր պաշտօնները, սղաճը, պետական զանազան տեսակի ծառայութիւններու ի սպառ բացակայումը, եւ ինքնահոսի ձգուած են քաղաքացիներու կեանքը, ապրուստը, հարցերը ինքնուրոյն լուծելը, մինչեւ հոսանքի, ջուրի եւ կենսական տարրական կարիքներու ինքնամատակարարումը:
Անկախութիւնը ամէն բանէ առաջ ազգային գիտակցութիւն է: Այս պարագային մերժելու այս ընթացիկութիւնը եւ շրջելու ինքնահոսութեան միտումը: Վերակերտելու համար`
– Պետութենէն քաղաքացիական իրաւունքներ պահանջող եւ միաժամանակ պետութեան հանդէպ իր բոլոր պարտաւորութիւնները կատարող հասարակարգ,
– Հատուածականութենէ դուրս, հեռակառավարում մերժող եւ բացառապէս համալիբանանեան շահերու վրայ կառուցուած պետութիւն:
Որպէսզի ամբողջ երկիրը դուրս գայ պարտադրուած ընթացիկութենէն եւ ինքնահոսութենէն: