Լիբանանի Նահատակաց բազմաչարչար օրուան նշումը ձեւախեղուած է վաղուց: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ լիբանանցիներուն նկատմամբ ջարդարարական քաղաքականութեան, կախաղաններուն եւ կանխամտածուած սովամահութեան խորհուրդը արժեզրկուած է: Լիբանանը փոխած է իր պետական տօնացոյցը: Այս բոլորը վերածուած են Լիբանանցի նահատակ լրագրողներու յիշատակը նշող օրուան:
Խնդիրը այն է, որ պետական գրիչի հարուածով միանգամայն կայացած այս որոշումը եթէ բովանդակազրկման ենթահող չունենար երկրին մէջ, այսքան հեզասահ, անարձագանգ չէր անցներ:
Լիբանանահայութիւնը, որ արտայայտեց իր ընդվզումը, սոսկ ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդի իրականութենէն չէր մղուած այս պարագային: Իբրեւ Լիբանանի քաղաքացի անընդունելի է անտարբեր մնալ ազգային Նահատակաց օրը նման ձեւախեղումի ենթարկելու իրականութեան դիմաց: Ազգային պատմութեան վերաշարադրանքի համազօր աքթ է Նահատակաց օրը իր էութենէն պարպելը: Աւելի՛ն. ուրանա՛լ է կամ ժխտել` սովամահութեամբ ցեղասպանութիւն գործադրելու օսմանեան քաղաքականութիւնը:
Ժխտողականութիւնը միայն հերքելը չէ: Ժխտողականութիւնը ուրանալն է. շրջանցելը` պատմական որոշ փուլ մը: Իսկ ժխտումը փաստօրէն ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Իրերը իրենց անուններով կոչելը եւ մանաւանդ անոնց միջազգային դատապարտանք ամրագրելը խորքին մէջ հետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման միտող գործողութիւններ են. «Այլեւս երբեք»-ը հատուածական, ընտրովի կարգախօս չէ: «Այլեւս երբեք»-ը կը վերաբերի աշխարհի տարածքին իրականացուած բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Ռուանտայէն Տարֆուր եւ Արեւմտահայաստանէն Լիբանան: Անցնելով Օշուիցէն ու Տէր Զօրէն, հասնելու համար յոյներու, ասորիներու, եզիտիներու ցեղասպանութիւններուն: Ցեղասպանութիւններն ու ցեղային զտումի գործողութիւնները կրնան շարունակուիլ, եթէ չդատապարտուին բոլորը:
Իրերը իրենց անուններով կոչելու լիբանանեան պետական ուղենիշեր կային հանրապետութեան նախագահի մակարդակով, երբ Մեծն Լիբանանի հիմնադրութեան 100-ամեակի նախօրեակին յայտարարուեցաւ հաշուի նստիլ պատմական փաստերուն հետ եւ բանալ սովամահութեան բոլոր ծալքերը:
Անգարայի հակազդեցութիւնը չուշացաւ, եւ ստեղծուեցաւ դիւանագիտական տագնապ: Պաշտօնական Պէյրութը արձանագրեց նահանջ:
Մայիս 6-ը խորհրդանիշն է ամբողջ ցեղասպանական քաղաքականութեան զոհ գացած զանգուածներուն: Այդ թուականը բոլոր համայնքներուն պատկանող մտաւորականներու, լրագրողներու, հանրային կարծիք ստեղծողներու կախաղան բարձրացման օրն է: Սակայն օրը կը խորհրդանշէ ջարդարարական եւ զանգուածային սովամահութեան առաջնորդող ամբողջ քաղաքականութիւն մը: Այնպէս ինչպէս Ապրիլ 24-ը:
Պարզ է, որ այս խորհուրդի վերականգնումի փորձը պիտի բախի բազում դժուարութիւններու: Խորհուրդի ձեւախեղման ենթահողը կախեալ էր թրքական գործօնէն, Ռիատ- Անգարա եւ Ռիատ – Թեհրան յարաբերութիւններէն եւ տարածաշրջանային իրադրութիւններէն:
Այս բոլորով հանդերձ աշխատանք կայ կատարելիք: Աշխատանք համալիբանանեան ազգային գիտակցութեան վերազարթման: Աշխատանք` սովամահութեան բոլոր ծալքերը բանալու, պատմութեան կարեւորագոյն փուլը լոյսին բերելու եւ քաղաքական վերաշարադրանքները մաքրազտելու:
Այդ աշխատանքներուն նախաբանը իբրեւ օրինագիծ պատրաստ էր ներկայացուելու Լիբանանի խորհրդարանին: Այդ պահը վերստին կու գայ անպայման. մինչ այդ, պէտք է համալիբանանեան առաջադրանքի վերածել Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած լիբանանցիներուն ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու արդար պահանջը: