Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը (ՈՒՀՄ) կ'աջակցի իր հայրենիքին՝ Ուքրանիոյ, եւ կը պաշտպանէ զայն մինչեւ վերջ։ Այդ մասին տեսաուղերձով ըսած է Ուքրանիոյ հայերու միութեան նախագահ՝ Վիլէն Շատուորեան։
Այս մասին հաղորդած է ua-report.info–ն։
«Սադրանքներէն եւ մեր յայտարարութիւններու անհասկնալի վերափոխումներէն խուսափելու համար կը յայտարարեմ, որ ՈՒՀՄ-ը կ'աջակցի Ուքրանիոյ, եւ ՈՒՀՄ-ի հետ առնչուող բոլոր հայերը Ուքրանիան կը համարեն իրենց հայրենիքը։ Մեր տուները, ընտանիքները, ասյտեղ են, եւ, ինչ ալ ըլլայ, մենք մինչեւ վերջ պիտի կանգնինք Ուքրանացի ժողովուրդի հետ եւ պիտի պաշտպանենք մեր տուները»,- շեշտած է Շատուորեան։
Միեւնոյն ժամանակ, ՈՒՀՄ-ի նախագահը նշած է, որ հայկական մարզային համայնքներու նախագահները իրենց քաղաքներն են, չնայած՝ որոշ տեղեր շրջապատուած են եւ կը փորձեն բոլորին՝ առանց բացառութեան, ցուցաբերել ցանկացած օգնութիւն։ Բացի այդ, ըստ Շատուորեանին, հայկական սփիւռքի մասնաւոր հատուածը նոյնպէս վերակողմնորոշուած է եւ սնունդով կ'ապահովէ կարիքաւորները, անոնց կարգին՝ զինուորականները։
Շատուորեան նաեւ հիասթափութիւն յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան հայերու համայնքի դիրքորոշման վերաբերեալ. «Մենք կ'ակնկալէինք, որ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը կ'որդեգրէ խաղաղութեան դիրքորոշումը, կ'օգնէ մարդասիրական միջանցքներով, կը զբաղի այն մարդոց ազատ արձակումով, որոնք մնացած են միւս կողմ կամ տեղափոխուած են Ռուսաստան։
Բայց, ցաւօք, մենք կը տեսնենք ամէն ինչի բացարձակ ոչ սթափ տեսլականը»,- ըսած է ան՝ նշելով, որ ՈՒՀՄ-ի դիրքորոշումը սկզբունքօրէն կը տարբերի ՌՀՄ-ի դիրքորոշումէն։
Միաժամանակ Վիլէն Շատուորեան քննադատած է Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար՝ Զարեհ Սինանեանը՝ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն արձագանգի բացակայութեան պատճառով։ «Մենք ձեր օգնութեան կարիքը չունինք: Բայց դուք կարող էիք մարդ ըլլալ եւ ուղղակի դիմել: Բայց դուք այդ չէք ըներ, եւ մեզի շատ կը վրդովեցնէք»,- ընդգծած է ՈՒՀՄ-ի ղեկավարը։
Նշուած է, որ վերջին տուեալներով՝ Ուքրանիոյ մէջ կ'ապրի աւելի քան կէս միլիոն հայ։
Նշուած է նաեւ, որ Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը յայտարարութիւն տարածած է կապուած Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի լայնամաշտապ յարձակման հետ։ Յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ Ուքրանիոյ հայերը դէմ են Ռուսաստանի Դաշնութեան ռազմական յարձակման։ Նշուած է նաեւ, որ Ուքրանիոյ հայ համայնքը Ուքրանացի ժողովուրդին հետ կը պաշտպանէ իր քաղաքները, տուները եւ հարազատները։