image

«Կարէն Դէմիրճեանի Անուան Մարզահամալիր»ը Վաճառելու Ծրագիր

«Կարէն Դէմիրճեանի Անուան Մարզահամալիր»ը  Վաճառելու Ծրագիր

Հայաստան- ՀՀ կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին ընթացքին որոշեց պաշտպանութեան նախարարութեան «Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր»-ի ամրացուած եւ Հայաստանի սեփականութիւնը հանդիսացող գոյքը վերստանձնել եւ սեփականաշնորհել: Որոշուեցաւ, որ ուղղակի վաճառքի ձեւով սեփականաշնորհման ենթակայ անշարժ գոյքի վաճառքի գինը 30 միլիոն տոլարին համարժէք դրամ է: Գնորդը «ՆՏԱԱ ինվեսթմընթ կրուփ» ընկերութիւնն է:Ընկերութիւնը պարտաւոր է առնուազն վեց ամիս ժամկէտով եւ առնուազն 55 հազար դրամ նուազագոյն աշխատավարձով աշխատանքային պայմանագիր կնքել Մարզահամերգային համալիրին մէջ փաստացի աշխատող 99 աշխատողի հետ, պահպանել «Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր» անուանումը, պահպանել մարզամշակութային համալիրի օգտագործման ուղղուածութիւնը, 10 տարուան ընթացքին իւրաքանչիւր տարի ապահովել Հայաստանի կառավարութեան դիմումով համապատասխան նշանակութիւն ունեցող մինչեւ 5 ձեռնարկ, բայց ոչ աւելի, քան տարեկան 12 օր տեւողութեամբ, անվճար կազմակերպումը, համալիրի տարածքին մէջ քաղաքացիներուն համար ապահովել Ծիծեռնակաբերդ այցելելու անարգել ու անվճար իրաւունք` հողատարածքի նկատմամբ սեփականութեան իրաւունք ձեռք բերելու պարագային:Կառավարութիւնը նաեւ համաձայն գտնուած է ընկերութեան ներդրումային ծրագիրին:Ծրագիրի իրականացումը նախատեսուած է եկող չորս տարուան ընթացքին, ընդհանուր ծախսը` ներդրումներուն չափը, պիտի գերազանցէ 100 միլիոն տոլարը: Պիտի ստեղծուի առնուազն 250 աշխատատեղ: