image

Իսրայէլեան մարմիններ բռնագրաւած են հայազգի երգիչ Աբօ Սահակեանին կիթառը (Տեսանիւթ)

Իսրայէլեան մարմիններ բռնագրաւած են հայազգի երգիչ Աբօ Սահակեանին կիթառը (Տեսանիւթ)

Իսրայէլի ապահովական մարմիններ բռնագրաւած են հայազգի երգիչին կիթառը: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Jewish news կայքը: Աղբիւրը, որ այս մասին զրուցած է սաղիմահայ Աբօ Սահակեանին հետ նաեւ գրած է, որ Սահակեան մեծ վրդովմունքով պատմած է պատահարին մասին: «Երբ ապահովական մարմիններու հարցին, այն մասին, թէ ո՞ւրկէ է մեր խումբը, պատասխանը եղաւ Բէթղէհեմէն, անոնք անհասկնալի վարմունք մը ունեցան մեր հանդէպ: Կիթառս  բռնագրաւեցին ու մինչեւ հիմա այն կը գտնուի իրենց մօտ»:

Կը նշուի, որ դէպքը եղած է Իսրայէլի «Պէն Կորիոն» օդակայանին մէջ եւ երբ Սահակեան իր Լոնտոն հասնելէն ետք պարզած է պատահածը, պատասխանատուներ անոր բացատրած են, որ բրիտանական 4000 փաունտ արժող կիթառը կը գտնուի իսրայէլեան մարմիններուն մօտ, բան մը, որ իսրայէլացիք աւելի ուշ հերքած են:

Սահակեան որ մեներգիչն է Apo & the Apostles ռոք խումբին, յաջողած է կիթառ մը փոխ առնել, շարունակելու համար լոնտոնեան իրենց շրջագայութիւնը:

«Զարմանալի է, որովհետեւ մեր հետ կը վարուին ժահրի պէս: Երբ իմանան, որ մենք արեւելեան Երուսաղէմէն ենք, ապա իրենց վարմունքը կտրականապէս կը փոխուի: Ու տխուր է նաեւ, որ այդ շրջանի բնակիչներս դասակարգուած ենք, որպէս Իսրայէլի ամենավատ բնակիչները»,-եզրակացուցած է Սահակեան, յիշեցնելով, որ ինք Իսրայէլի քաղաքացի է եւ  այդ առումով պահանջուած օրինական բոլոր  փաստաթուղթերը ներկայացուցած է Իսրայէլի մարմիններուն: