image

ISIS-ի «Ելեքդրոնային Ուղեղ»ը Սպաննուած Է Ռաքքայի Մէջ

ISIS-ի «Ելեքդրոնային Ուղեղ»ը Սպաննուած Է  Ռաքքայի Մէջ

 Սուրիա- («Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ)    ISIS-ի «Ելեքդրոնային ուղեղ»ը համարուող Ժանիհ Ալ Հիւսէյն սպաննուած է Ռաքքայի մէջ: Այս մասին լուրը  փոխանցող Պէյրութեան «Ալ Ժատիտ» կայնաը կը հաղորդէ նաեւ, որ  բրիտանացի Ալ Հիւսէյն սպաննուած է   Ռաքքայի վրայ անօդաչու սարքի մը կատարած գրոհին արդիւնքով: Սպաննեալ ահաբեկիչը  անդամ  եղած է  Poison  Taem ցանցահէններու     խումբին, որոնք  Բրիտանիոյ մէջ   շուրջ    1400  ցանցային գրոհներ իրականացուցած են: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ալ Հիւսէյնի սպաննութիւնը  ծանր հարուած կը համարուի   ISIS    ահաբեկչական խմբաւորման համար: