image
Հրատապ լուրեր:

Իշխանութիւնները պարտութիւն կրեցին Կիւմրիի մէջ

Իշխանութիւնները պարտութիւն կրեցին Կիւմրիի մէջ

Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները յայտնի են։ 

Բոլոր 82 ընտրատեղամասերուն ձայներու հաշուարկի աւարիտն պատկերը հետեւեալն է. 

 «Բալասանեան» դաշինքը ստացած է ձայներու 36․58 տոկոսը, ՔՊ-ն՝ 29.56 տոկոս, «Զարթօնք» կուսակցութիւնը՝ 10․60 տոկոս, «Ապրելու երկիր»ը՝ 5:65, իսկ ՀՀԿ-ն՝ 5․06 տոկոս։

Նշենք, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը պարտուած է նաեւ  Գորիս եւ Մեղրի համայնքներուն մէջ:

Կիւմրիի մէջ արձանագրուած է ամենացած մասնակցութեան մակարդակը, կը մրցէին  10 քաղաքական ուժեր: