image
Հրատապ լուրեր:

Իշխանութեան օրակարգին Մարութեանի խնդիր չկայ

Իշխանութեան օրակարգին Մարութեանի խնդիր չկայ

Երեւանի քաղաքապետը ընտրուած է որոշ ժամկէտերու մէջ պաշտօնավարելու տրամաբանութեամբ։ Այս մասին խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ընթացքին յայտարարեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտուարտ Աղաճանեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ իրենց քաղաքական խմբակը կը քննարկէ՞ Երևանի քաղաքապետի փոփոխութիւն:

«Այդ ժամկէտը դեռեւս չի աւարտուել, եւ այս պահին որևեւէ քննարկում առ այն, որ այդ ժամկէտներից աւելի վաղ պէտք է պաշտօնավարումն աւարտուի, չկայ», ըսաւ Աղաճանեանը։

Ան նշեց, թէ քաղաքապետի պաշտօնավարման դադրեցում հնարաւոր կ'ըլլայ օրէնքով սահմանուած քանի մը ընթացակարգերով, օրինակ՝ երբ քաղաքապետը հրաժարական կու տայ, կամ երբ աւագանին անոր անվստահութիւն կը յայտնէ։

«Մենք քաղաքապետարանի աւագանու անդամների քննարկումների վերաբերեալ ինֆորմացիա չունենք։ Երբ քննարկումները, եթէ այդպիսիք կան, կը հասնեն քաղաքական թիմ, այդ մասին կը յայտնենք։ Այս պահին նման քննարկումներ չկան», ըսաւ Էտուարտ Աղաճանեանը։