Հայաստանի Հանրապետության Պաշտպանութեան նախարարութիւնը մեկնաբանած է տարածուած լուրը, թէ ատրպէյճանական զօրքերը ետ քաշուած են Իշխանասարի հատուածին մէջ ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն:
Պաշտպանութեան նախարարութենէն ոչ հաստատեցին, ոչ հերքեցին լուրը՝ յորդորելով սահմանային իրադրութեան, զինուած ուժերու տեղաշարժին, զբաղեցուցած բնագիծերու կամ այլ գործողութիւններու մասին տեղեկութիւնները տարածել ոչ թէ հիմնուելով համայնքներու ղեկավարներու խօսքին, այլ ՊՆ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն վրայ: