Երէկ գիշերը Էրէբուննիի պահակային կեդրոնին շուրջ իրավիճակը եղած է հանդարտ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ «Սասնայ ծռեր» ջոկատի զինեալները չեն պատրաստուիր յանձնուիլ իրաւապահ մարմիններուն: «Մենք պիտի չկրակենք, այնքան ատեն, որ ուժայինները մեր ուղղութեամբ կրակ չեն բանար» ըսած է ջոկատի պատասխանատուներէն ՝՝ Վարուժան Աւետիսեան: Աւետիսեան նաեւ նկատել տոգաղ է, որ իրենք կը փափաքին, որ բանակցութիւնները տեղի ունենան Ժիրայր Սէֆիլեանի միջոցաւ: Աւետիսեան կոչ ըրած է Հայաստանի ժողովուրդին փողոց իջնել եւ միանալ իրենց: Նշենք, որ Աւետիսեան խօսած է «Սիվիլնէթ»ին: