image

Իրաւատիրութիւն եւ Պահանջատիրութիւն

Իրաւատիրութիւն եւ Պահանջատիրութիւն

Պահանջատիրութիւնը առանց իրաւատիրութեան անիմանալի է, սակայն անիկա ժամանակի ընթացքին սրբագործուած է եւ առանձին կը գործածուի։ Կը կարծեմ որ տարբերութիւն կայ անոնց իմաստներուն եւ թելադրանքներուն միջեւ։ Պահանջելը՝ խօսակիցէ՝ հակառակորդէ կամ բարեկամէ պահանջ կ’ենթադրէ, մինչդեռ իրաւատիրութիւնը ենթակայի գործառոյթ է։ Ինչ խօսք՝ երկուքն ալ մեր՝ անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ տեղ եւ կիրառութիւն ունին։ Մինչ այդ՝ առաջարկս նրբութիւններուն շուրջ համաձայնիլն էն տարբերել եւ նկատի ունենալ զանոնք։

Անձնապէս կը հաւատամ, որ իրաւատէր մարդը կամ հաւաքականութիւնն է որ պատրաստ է պահանջատիրութեան, իսկ հակառակ ուղղութիւնը ճիշդ տեղ չ’առաջնորդեր։ Եթէ իրաւունքներդ չես ճանչնար կամ հակամէտ ես մոռնալու, զիջելու, չես կրնար պահանջատէր ըլլալ, իսկ պահանջատիրութիւնն անհեթեթ է առանց իրաւունքներու իմացումին, աւելին՝ պահանջատիրութենէ իրաւատիրութիւն երթը զարտուղութիւն է տրամաբանութեան մակարդակի վրայ – իր իրաւունքներուն գիտակն է որ կրնայ պահանջատէր ըլլալ։

Մեր ազգային դժբախտութիւններէն մին պետական իշխանութիւններու մակարդակով՝ լաւագոյն պարագային իրաւունքներու չիմացութիւնն է, իսկ վատթարագոյնն այն է՝ երբ գիտակցուած է եւ անտեսուած կամ սկիզբէն իսկ հրաժարած եւ «սեփական կէտէն» սկսած։

Պահանջատիրութեան, Հայ դատին եւ ընդհանրապէս ազգային իրաւունքներուն հանդէպ թեթեւամիտ վերաբերմունքը աւելի քան երեսուն տարի մեր պետականութեան ուղեկիցն է եւ մայրը մեր բոլոր թերացումներուն, տկարութիւններուն եւ պարտութիւններուն։

Սակայն այս յօդուածի նպատակը անպտուղ բանավէճի յորձանքին անձնատուր ըլլալը չէ։

Դարման խորհիլը եւ կիրառելը աւելի օգտակար է այսօր եւ վաղը։ Եւ լուծումը կրթութիւնն է։

Երբ մենք կը սկսինք ցեղասպանուած ըլլալու իրողութիւնը պարզել որպէս առաջնորդող դրօշ, արդէն մեր գիտակցութեան մէջ մարդկայնօրէն անարդարուած ըլլալն է որ հիմք կ’առնենք։ Մինչդեռ առաջին դիրքին վրայ պէտք է դնել ոչ միայն մարդու կեանքի իրաւունքը, այլեւ ազգայի՛նը, որուն համար պայքարի տուեալ փուլին տմարդօրէն դաւաճանուեցանք ու կոտորուեցանք։

Միջանկեալ ըսենք՝ որ հայը իբրեւ բանող եւ ստեղծող մարդ չէր խանգարեր իր դահիճին. խանգարողը՝ որպէս մարդկային ուրոյն հաւաքականութիւն իր նուազագոյն իրաւունքներուն ձգտումն էր, սկսելով կեանքի, պատուի եւ ինչքի ապահովութենէն։ Այսինքն՝ դահիճը ցեղասպանելով ազդակ դառնալու ուղին բռնած հայն է որ ոչնչացուց, կարծելով որ իր խնդիրները առյաւէտ լուծեց։ Սակայն այդպէս չ’ըլլար։ Այսօր նոյն սխալը իր կրտսեր՝ գաճաճ եղբայրը՝ Ատրպէյճանի բռնակալը կը կարծէ իրագործած ըլլալ։

Վերադառնալով մեր նիւթին, իրաւատիրութիւնը խթանող տրամաբանական շղթան սերունդներուն մօտ տարբեր գիտակցութիւն եւ ձգտում կը յառաջացնէ, արգելքները յաղթահարելու կամք կը կոփէ, պայքարի դաշտի պատրաստելով յանձնառո՛ւ իրաւատէրը, որ ամէն ջանք գործադրելու պատրաստ պահանջատէրին նախատիպն է։

Պահանջատիրութեան ժողովրդական օժանդակն է իրաւատիրութիւնը։ Առանց իրաւատիրական լայնաճակատ աշխատանքի ու պատրաստութեան, պահանջատիրութիւնը թոյլ ու անկար կը մնայ, զի անիկա օտարին առնչուած է, իսկ օտարը՝ յաւիտեանս յաւիտենից, ունի սեփական շահերը եւ հաշիւները։ Իսկ օտարին այպանել որ սեփական շահերը կը գերադասէ, մեզի ոչ մէկ արդիւնքի կը յանգեցնէ։

Այդ ըսել չէ անշուշտ, որ պահանջատիրութեան պէտք է դադար տալ մինչեւ իրաւատիրական դաշտը լայննայ․ երբե՛ք։ Սակայն եկէք համաձայնինք, որ պահանջատիրութեան ալ աստիճանաւորում կրնանք տալ. օտարներուն՝ անհատ թէ պետութիւն, վարժեցնել հայկական աստիճանական պահանջատիրութեան պատասխանել եւ նկատի առնել զայն, խօսոյթ փոխել, կեցուածք որդեգրել։

Օրինակի համար առնենք հայոց եւ Հայաստանի հազարամեակներու ուղեկից՝ բարեկամ Իրանի պետութիւնը։ Պետութիւն՝ որ հայոց քաղաքակրթական ժառանգութեան հոգածութիւն կը ցուցաբերէ, մինչ արեւմուտքի եւ արեւելքի թուրքերը կը քանդեն, կ’իւրացնեն կամ աջ ու ահեակ կը նուիրեն զանոնք։ Տարբերութիւնը մեծ է եւ նոյնքան մեծ է մեր երախտագիտութիւնը։

Քաղաքակրթական մակարդակէն անդին ունինք քաղաքական մակարդակը, ներկան։ Բնական է որ դրական է Իրանի գծած կարմիր գիծը թրքական զանգեզուրեան նկրտումներուն դիմաց։ Սակայն այս ամբողջ վէճին ու աղմուկին մէջ Իրանը կրնայ շատ աւելի հատու խօսք ըսել յատկապէս արեւելքի թուրքերուն՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մասին բարբաջանքները լռեցնելու համար։ Իրանական պետութիւնը այս հողերուն վրայ դարերով հիմնական դերակատար եղած է եւ բոլորէն լաւ գիտէ գլխաւորէն առաջ մանրուքը։

Եւ յարգելով արտաշրջանային ուժերու ներկայութեան հանդէպ Իրանի զգայնութիւնը, կը փափաքինք, որ Թեհրան տէր կանգնելով իր պատմական պատասխանատւութեան՝ բարբառի եւ ծանրակշիռ իր խօսքն ըսէ Հայաստանի ու հայոց մասին, մշակոյթին ու քաղաքակրթութեան մասին, ճանչնալով ներկայ իրավիճակի ստեղծման մէջ իր պատմական դերը՝ դրական թէ բացասական։

Վէճը եթէ թրքութեան եւ հայութեան միջեւ է, իրաւարարը պէտք է նախ ճշմարտութիւնը վկայէ։ Եւ անիկա պէտք է անաչառ ըլլայ։ Եթէ Իրան պատրաստ չէ այսօր այդ դերն ստանձնելու, դատարկութիւն մը թողած պիտի ըլլայ, զոր պիտի լեցնէ մէկն ու մէկը, որ կրնայ իր ճաշակովը չըլլալ։

Այս ալ պահանջատիրութիւն է հարեւան բարեկամ պետութենէ, զոր կրնայ բաւարարել կամ անտեսել զայն, սակայն պահանջն իր գոյութեան իրաւունքը կը պահէ այնքան ժամանակ որ չէ բաւարարուած։ Մէկը ի վերջոյ պիտի ստանձնէ իրաւարարութիւնը եւ շրջանին մէջ Հայաստանէն ետք երիցագոյնին կը վայելէ այդ բարձր դերը։

Այլապէս խաղաղութեան մասին կարելի է երկար ճառել ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած ընկալեալ արժեչափերով, որոնք յարափոփոխ են եւ կայունութեան կռուան չեն կրնար ըլլալ։

Իրաւատիրութենէն բխող պահանջատիրութիւնը նա՛եւ այսպիսի դրսեւորում կրնայ ստանալ՝ ճկուն, սակայն տոկուն, այն գիտակցութեամբ, որ ընդհանուր դատի մը յաղթանակին պիտի ծառայէ ան։

 

Զաւէն Լիյլոզեան

«Յուսաբեր», 9 Մարտ 2024