image

«Իրանի սահմանին մօտ թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները «վախցուցած են» թշնամիները». Էրտողան

«Իրանի սահմանին մօտ թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները «վախցուցած են» թշնամիները». Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան ուղերձով հանդէս գալով, դիմած է Իրանի սահմանի մօտ «Եղբայրական բռունցք» թուրք-ատրպէյճանական համատեղ զօրավարժութիւններու մասնակիցներուն: Ան ըսած է, որ բարդ եղանակային պայմաններուն մէջ կայացող զօրավարժութիւնները կը զօրացնեն ատրպէյճանական եւ թրքական զինուժը։  Այս մասին կը հաղորդէ ԱՊԱ լրատուական գործակալութիւնը:

«Ես կը հաւատամ, որ դուք ուժ տուիք ընկերներուն եւ վախեցուցիք թշնամիները»,- ըսած է Էրտողան:

Ան աւելցուցած է, որ այս զօրավարժութիւնները ցոյց տուած են, որ Պաքուն եւ Անգարան ոչ ոք կրնայ բաժնել իրարմէ:

Մինչդեռ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, որ հետեւած էր զօրավարժութիւններուն, ըսած է, որ իրենց բարեկամներու ընկերներն ու թշնամիները համապատասխանաբար իրենց ընկերներն ու թշնամիներն են:

«Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, անկախ անկէ, թէ ուրկէ եւ որմէ են սադրանքները, անոնք կ'ընկալեն որպէս երկու երկիրներու դէմ ուղղուած: Թող ոչ ոք այդ առումով կասկած չունենայ»,-ըսած է Աքար՝ ընդգծելով, որ «իրենք պիտի ըլլան մէկ բանակ, մէկ ուժ եւ մէկ բռունցք»:

Աքարի խօսքով՝ նման խոցելի պահուն իրենց երկիրներու եւ ազգի անվտանգութեան ապահովումը հնարաւոր է միայն աշխուժ եւ յուսալի բանակով։

«Թուրքիոյ զինուած ուժերու եւ բարեկամ ու եղբայրական ատրպէյճանական բանակի կողմէ համատեղ կայացող այս զօրավարժութիւնները մենք կը համարենք պարզ եւ չափազանց օգտակար»,- շարունակած է Աքար։

Թուրք նախարարն ընդգծած է, որ զօրավարժութիւնները ցոյց տուած են երկու երկիրներու զինուած ուժերու ուժն ու վճռականութիւնը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իրաւունքները եւ շահերը պաշտպանելու գործին։