«Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ Վիեննայի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ զգալի յառաջընթաց կայ», յայտնած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Խաթիպզատէի խօսքով` Իրանի եւ միջազգային հանրութեան միջեւ համաձայնագիրը գրեթէ ամբողջութեամբ պատրաստ է:
«Համաձայնագրին նախագիծը գրուած է միասնաբար` բանակցութիւններու բոլոր մասնակիցներուն կողմէ: Այն 97 կամ 98 տոկոսով գրուած է միասնական ջանքերով: Մնացեալը տակաւին լուծում պահանջող խնդիրներ են», նշած է Խաթիպզատէն: