image

Իրանի կեցուածքը նոյնն է՝ «Ո՛չ Արեւելք, ո՛չ Արեւմուտք»

Իրանի կեցուածքը նոյնն է՝ «Ո՛չ Արեւելք, ո՛չ Արեւմուտք»

Իրանի իշխանութիւնները կը շարունակեն հետեւիլ «ո՛չ Արեւելք, ո՛չ Արեւմուտք` Իսլամական Հանրապետութիւն» արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքին, որ առաջին անգամ հնչեցուցած է Իրանի յեղափոխութեան առաջնորդ իմամ Ռուհոլլա Խոմէյնին 1979 թուականին, յայտնած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին:

Իրանցիները կը նշեն Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակին 43-րդ տարեդարձը, որ երկիրը կառավարելու բերաւ իսլամական հոգեւորականները: «Իսլամական իշխանութիւնը (Իրանի մէջ) կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ 1979 թուականին բնակչութեան կողմից հնչեցուցած «ո՛չ Արեւելք, ո՛չ Արեւմուտքէ կարգախօսին», ըսած է Ռաիսին:

«Ոչ Արեւելք, ոչ Արեւմուտք` Իսլամական Հանրապետութիւն» արտաքին քաղաքականութեան իրանեան սկզբունքը ի յայտ եկաւ 1978-1979 թուականներու յեղափոխութեան տարիներուն: Ձեւակերպումը կ'ենթադրէր Իրանի արտաքին քաղաքականութեան հակասովետական եւ հակաամերիկեան ընթացքը: Ի վերջոյ, ԽՍՀՄ-ը, ինչպէս եւ ԱՄՆ-ն, գրեթէ ամբողջ 20-րդ դարի ընթացքին մշակութային եւ քաղաքական լուրջ ազդեցութիւն ունեցած է Իրանի վրայ` հետապնդելով անոնց շահերը, յառաջ մղելով անոնց գաղափարախօսութիւնները երկրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Յեղափոխութիւնը տեղի ունեցած է 1979 թուականի Փետրուար 11-ին: Մէկ տարուայ գործադուլներու եւ անկարգութիւններու արդիւնքով շահ Մոհամմատ Ռեզա Փահլաւին փախաւ երկրէն: Իշխանութիւնը անցած է հոգեւորականներու ձեռքը` իմամ Խոմէյնիի գլխաւորութեամբ: 1979 թուականի գարնան տեղի ունեցած է հանրաքուէ: Բնակչութիւնը քուէարկած է Իրանի մէջ Իսլամական Հանրապետութեան ստեղծման օգտին: Դեկտեմբերին ընդունուաւ նոր Սահմանադրութիւն: Ըստ այդմ` ամբողջ իշխանութիւնը կեդրոնացած էր հոգեւորականներու ձեռքը: