image
Հրատապ լուրեր:

Իրանէն դէպի Հայաստան մեքենաներու մեծ հոսք չկայ․ գլխաւոր հիւպատոսութիւն

Իրանէն դէպի Հայաստան մեքենաներու մեծ հոսք չկայ․ գլխաւոր հիւպատոսութիւն

Իրանի Իսլամական Հանրապետութենէն դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն մեքենաներու մեծ հոսք չկայ։ «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին այս մասին ըսած են Կապանի մէջ Իրանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն։

Աւելի վաղ շարք մը դեսպանատուներ իրենց քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած էին շտապ լքել Իրանը։ Ոմանք առաջարկած էին ցամաքով դուրս գալ Թուրքիոյ կամ Հայաստանի տարածքով, քանի որ Ատրպէյճանը դեռ փակ կը պահէ հարեւաններու հետ բոլոր 4 ցամաքային սահմանները։

«Սահմանին ոչ մէկ արտառոց բան կայ, նորմալ է իրավիճակը։ Ձմռան այս սեզոնին մարդիկ հաշուի կ՚առնեն եղանակային պայմանները եւ չեն ընտրեր ցամաքային ճանապարհը։ Ուստի մեքենաներու հոսքը նոյնիսկ սովորական ժամանակուայ համեմատ պակսած է»,- նշած են հիւպատոսութենէն։

Կառոյցէն ընդգծած են` իրենք Կապանի մէջ առաջինը կ՚իմանային, եթէ մեքենաներու մեծ հոսք ըլլար Իրանէն։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանը Իրանէն օտարերկրեայ պետութիւններու քաղաքացիներ տարհանելու ցամաքային 4 երթուղիներէն մէկն է։ Մեր երկրի պարագային ելքը հնարաւոր է «Նորդուզ» անցակէտով։