image

Իրանցի փորձագէտը պատմած է Հայաստանի հողային ամբողջականութեան առընթեր Իրանի անփոփոխ կեցուածքին մասին

Իրանցի փորձագէտը պատմած է  Հայաստանի հողային  ամբողջականութեան առընթեր Իրանի անփոփոխ  կեցուածքին մասին

Անցեալ ամիսներու ընթացքին Իրանը երկու անգամ զօրակոչի ենթարկած է իր զօրքերն Ատրպէճաանի հետ սահմաններու մօտ։ Այս մասին NEWS.am -ի թղթակցի հետ զրոյցին ըսած է Իրանի եւ եւրասիական հետազօտութիւններու հիմնարկի փորձագէտ Ղոտրաթոլլահ Շաֆիէն։

Ան աւելցուցած է, որ Իրանի մէջ կարծիք կայ, որ Թեհրանի այս միջոցառումներու շնորհիւ է, որ Ատրպէյճանը դեռ նոր ճակատ չէ բացած Հայաստանի դէմ՝ Սիւնիքը գրաւելու եւ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի նախագիծը իրականացնելու համար։

Անոր խօսքով՝ այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքի նախագիծը դեռ մոռցուած չէ, եւ Պաքուն նոր գործողութիւն չի սկսիր, քանի որ գիտէ, որ այս պահուն միջազգային հանրութիւնը հաւանութիւն չի տար նման միջոցառումներուն։

«Այս է պատճառը, որ Ատրպէյճանն աշխուժ գործողութիւններու չի դիմեր։ Սակայն հազիւ անոնք նոր պատճառաբանութիւն ունենան, պիտի ըլլան նոր բախումներ Հայաստանի հետ, նոր գործողութիւններ Հայաստանի դէմ։

Այս անգամ խօսքը Ղարաբաղի մասին չէ, ջանքերն ուղղուած են Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ, քանի որ անոնք (Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը - խմբ.) կ՚ուզեն բանալ այս նոյն միջանցքը Հայաստանի Սիւնիքի մարզով»,- ընդգծած է Շաֆիէն։

Ան նշած է, որ Իրանը կը ձգտի թոյլ չտալ անոնց հասնիլ այդ նպատակներուն։

«Ոչ ոք կրնայ ըսել, որ Ատրպէյճանի կողմէ նոր սադրանքներու պարագային Իրանը պիտի ներքաշուի այս հակամարտութեան մէջ, բայց ակնյայտ է, որ կան յստակ ազդանշաններ, որ Թեհրանը մտադիր չէ թոյլ տալ Ատրպէյճանին միջանցք բանալ Հայաստանի տարածքով»,- ըսած է փորձագէտը։