image

Իրան մեծ պատերազմէ կը զգուշացնէ

Իրան մեծ պատերազմէ կը զգուշացնէ

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցչութիւնը զգուշացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու որեւէ ռազմական գործողութիւն Իսլամական Հանրապետութեան դէմ պիտի յանգեցնէ պատերազմի՝ տարածաշրջանային ճիւղաւորումներով, յայտնած է Newsweek-ը:

«Իրանի տեսանկիւնէն, որեւէ մակարդակով ռազմական տարբերակ ընտրելը կը նշանակէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ պատերազմի սկսում։ Այս պահուն Իրանը քիչ կը համարէ նման հնարաւորութիւնը»,-ըսած են Իրանի դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն։

Միեւնոյն ժամանակ իրանեան առաքելութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ «եթէ ԱՄՆ-ն սխալ հաշուարկէ եւ պատերազմ սկսի, ապա նման հակամարտութեան՝ տարածաշրջանի եւ աշխարհի համար հետեւանքներու պատասխանատուն պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը»:

Փենթակոնի մէջ աղբիւրներէն մէկը հրապարակման յայտնած է, որ  Միացեալ Նահանգները ոչ մէկ անգամ հարուածած է Իրանը եւ այնտեղ գործողութիւններ չէ իրականացուցած։

Աւելի վաղ Իսրայէլի իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ Իրանի վրայ յարձակումները հասած են իրենց նպատակներուն։

The Wall Street Journal-ի հաղորդմամբ՝ Իսրայէլի արտաքին հետախուզութիւնը՝ Մոսատը, իրականացուցած է կիրակի օրը Իրանի վրայ յարձակումը։