Հաշուի առնելով միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վրայ այս ահաբեկչական յարձակման սարսափելի հետեւանքները՝ Անվտանգութեան խորհուրդը զօրավար Սուլէյմանիի սպանութեան պատասխանատուութիւնը պէտք է դնէ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի վրայ։ Այս մասին յայտարարսծ է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպան եւ մշտական ներկայացուցիչ Մաժիտ Թախտ Ռավանչին։
ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին ուղղուած նամակին մէջ դեսպանը գրած է նոր տուեալներու մասին՝ կապուած «այս ահաբեկչական արարքին մէջ Իսրայէլի դերին հետ»։
«Իսրայէլի ռազմական հետախուզութեան նախկին ղեկավարը խոստովանած է իրենց մասնակցութիւնը Սուլէյմանիի կանխամտածուած սպանութեան՝ յայտարարելով, որ իսրայէլեան հետախուզութիւնը դեր խաղցած է անոր սպանութեան մէջ: Ան նաեւ նշած է, որ այդ իր ղեկավարման օրօք տեղի ունեցած երկու նշանակալի սպանութիւններէն մէկն էր», յաւելած է իրանցի դիւանագէտը:
Վկայակոչելով 2020 թուականի Յունուար 3-ին, 7-ին եւ 29-ին ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին ուղղուած իր նամակները՝ Թախտ Ռավանչին այս յանցաւոր արարքը անուանած է ԱՄՆ-ի միջազգային պարտաւորութիւններու կոպիտ խախտում, որ անոր միջազգային պատասխանատուութիւն կ'ենթադրէ։
Իրանի դեսպանի խօսքով՝ «այդ յանցաւոր արարքը քրէական պատասխանատուութեան կ'ենթարկէ նաեւ բոլոր անոնք, որոնք ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն նպաստած են այս ահաբեկչութեան նախապատրաստման կամ իրականացման որեւէ միջոցներով, որու վառ օրինակը Իսրայէլի աջակցող դերն ու ներգրաւուածութիւնն է այս սպանութեան մէջ»: