Յունիս 11-ին ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ:
shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ ժամը 17:50-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին, ոստիկանութեան Դաւիթաշէնի բաժանմունք եւ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան 911 Ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ քաղաքացի մը Դաւիթաշէնի կամուրջէն ինքզինք վար նետած է:
Ոստիկանները, փրկարարները եւ պարեկները Դաւիթաշէնի կամուրջին տակ յայտնաբերած են 25-30 տարեկան աղջկայ մը դիակ:
Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը նոյնպէս կը պարզեն մահացածի ինքնութիւնը: