Բաւական ուշագրաւ յայտարարութիւններ կատարած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կաթողիկոսութեան ամառնային հովւոց՝ Պիքֆայայէն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Սուրբ Աստուածամօր՝ Մարիամի վերափոխման տօնին առթիւ տեղի ունեցող Սուրբ եւ Անմահ պատարագի՝ ուխտի պատարագի աւարտին։
Վեհափառը, որ իր խօսքին գերակշռող մասը յատկացուց Արցախի տագնապին պատգամներ յղեց հայրենի իշխանութիւններուն, Հայաստանի ժողովուրդին, Միջազգային Հանրութեան ու նաեւ Սփիւռքին։
Տ. Տ. Արամ Ա. Հայրապետ նկատել տուաւ, որ հայրենի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութիւնը սխալ է եւ անընդունելի է, որ Հայաստան որեւէ կերպ Արցախը ընդունի որպէս մասնիկ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան։ Նոյն առումով ան կոչ ըրաւ ՀՀ իշխանութիւններուն, որպէսզի արագօրէն հրաժարին Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններէ, այնքան ժամանակ, որ Արցախը կը շարունակէ մնալ պաշարման տակ։
Արամ Ա. Վեհափառ իր պատգամը Հայաստանի ժողովուրդին յղելով մասնաւորապէս շեշտեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ տիրող իրադրութիւնը տարօրինակ վիճակ մըն է։ Վեհափառը այս առումով մասնաւիրապէս ըսաւ «Մեզի համար այսօր Հայաստանի մէջ տիրող անտարբերութիւնը տարօրինակ է։ Մեր եղբայրներն ու քոյրերը , մեր երեխաները սովամահ ըլլալու վտանգին տակ են Արցախի մէջ,դուք ի՞նչ կ՚ընէք Հայաստանի մէջ, փողոց իջէք, ինչի՞ կը սպասէք, աշխարհը մեզ կը դիտէ,ժողովուրդին ձայնը գերիվեր է բոլոր տեսակի ձայներէն ու տեսակէտներէն։ Ձեր ժամանակը մի վատնէք փոխադարձ մեղադրանքներով, ոտքի ելէ՛ք, արդարութիւն պահանջեցէք աշխարհէն»։