image

Ի՞նչ կը կատարուի Լիբանանի բանտերուն մէջ. Կամ բանտերը, որպէս լարուած ականներ(Տեսանիւթ)

Ի՞նչ կը կատարուի Լիբանանի բանտերուն մէջ. Կամ բանտերը, որպէս լարուած ականներ(Տեսանիւթ)

 Անցնող օրերուն մէկէ աւելի լիբանանեան լրատուական աղբիւրներ ազդեցիկ տեսանիւթեր հրապարակեցին Լիբանանի բանտերուն եւ մասնաւորապէս «Ռումիյէ»ի կեդրոնական բանտին մասին։

 

 Ըստ MTV կայանին անցնող Փետրուարէն ի վեր լիբանանեան բանտերուն մէջ մահացած են 18 բանտարկեալներ եւ իրավիճակը այնքան բարդ է, որ լրագրողներէն մին մասնաւորապէս «Ռումիյէ»ի բանտին մասին խօսելով զայն բնութագրած է, որպէս «մահուան բանտ» մը։ 

 Կը նշուի նաեւ, որ բանտերը ներկայիս ունին գերխճողուած վիճակ մը, բան մը որ ջուրի, սնունդի եւ բժշկական խնդիրներուն կողքին կը դառնայ իրավիճակը աւելիով տագնապելի դարձնող ազդակ մը։

Հիմա էական հարցումը կը մնայ հետեւեալը, որ Լիբանանի ապրած այսքան խճճուած եւ բարդ օրերուն Լիբանանի բանտերը    կրնան «պայթիլ»։ Այլ խօսքով,  որ արդեօ՞ք Լիբանանցի բանտարկեալները նոր ապստամբութեան մը պիտի նախաձեռնեն այդպիսով աւելիով մթագնելով, առանց անոր ալ տժգոյն վիճակի մէջ եղող լիբանանեան երկնակամարը։ 

 Բանտի հասկացողութիւնը, մեղադրեալը եւ կամ յանցագործը նոր կեանքի մը նախապատրաստելն է, բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ ճիշդ հակառակը կը կատարուի բանտերը վերածելով «դժոխքներ»ու իսկ բանտարկեալները «սեւ խաղ»ին յանձնուած եւ մեծաւ մասամբ կեանքէն պարտուած դժբախտ զոհերու։  

 

 

Կը նշուի նաեւ, որ յատկապէս անցնող օրերուն շրջանառութեան մէջ դրուած են կարգ մը լուսանկարներ, որոնք կը ներկայացնեն բանտարկեալներու անմխիթար իրավիճակը, ուր անոնք կը տառապին մաշկային ամենատարբեր եւ նոյնիսկ վտանգաւոր հիւանդութիւններէ։ 

 

 Բանտարկեալներէն մին, որ խօսած է «Ալ Ժատիտ» կայանին նշած է, որ քնանալու տեղի լուրջ խնդիր կայ բացայայտելով նաեւ, որ բանտարկեալները ստիպուած կ՚ըլլան, փոխն ի փոխ քնանալու։

 

 Այս բոլորէն բացի մեծ դժգոհութիւն կայ երկրի դատական մարմիններուն դէմ, որոնք տարբեր պատճառաբանութիւններով կ՚ուշացնեն դատավարութիւնները, առանց դատավարութեան մնացած բանտարկեալներու թիւը վերածելով մեծամասնութեան։

 

 Ի դէպ Ներքին Գործոց Նախարարութեան բարձրաստիճան սպաներ, որոնք արձագանգած են առկայ ծանր վիճակին եւ մտահոգութիւն յայտնած ստեղծուած պատկերին առընթեր անուղղակիօրէն ալ պատճառ դարձած են, որ երկրի Ներքին Գործոց նախարար՝ Պասսամ Մաուլաուին անդրադառնայ խնդրին սեղանին դնելով կարգ մը կարեւոր առաջարկներ, որոնց ամէնէն ուշագրաւը բանտային տարուան վեց ամիսով կրճատելու առաջարկն է, որ շատ հաւանաբար յառաջիկայ փուլին դրուի խորհրդարանի սեղանին։

 

 

Այս բոլորէն բացի նշելով նաեւ Լիբանանի բանտերուն մէջ օտարերկրացի յանցագործներու մեծ թիւին ներկայութիւնը հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ Լիբանանի մէջ բանտերու թեմային զուգահեռ կայ «իսլամիստ» բանտարկեալներու պարագան, որոնցմէ շատեր տակաւին չեն դատուած եւ կը սպասեն «արդար» դատասանի։

 

Հիմա էական հարցումը կը մնայ հետեւեալը, որ Լիբանանի ապրած այսքան խճճուած եւ բարդ օրերուն Լիբանանի բանտերը    կրնան «պայթիլ»։ Այլ խօսքով,  որ արդեօ՞ք Լիբանանցի բանտարկեալները նոր ապստամբութեան մը պիտի նախաձեռնեն այդպիսով աւելիով մթագնելով, առանց անոր ալ տժգոյն վիճակի մէջ եղող լիբանանեան երկնակամարը։ 

 Բանտի հասկացողութիւնը, մեղադրեալը եւ կամ յանցագործը նոր կեանքի մը նախապատրաստելն է, բայց եւ այնպէս Լիբանանի մէջ ճիշդ հակառակը կը կատարուի բանտերը վերածելով «դժոխքներ»ու իսկ բանտարկեալները «սեւ խաղ»ին յանձնուած եւ մեծաւ մասամբ կեանքէն պարտուած դժբախտ զոհերու։ 

 

Լուրը համադրաբար ՝լիբանանեան լրասփիւռներու եւ «Արեւելք»ի