image
Հրատապ լուրեր:

Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ.ի այցը Լիէժի Ասորի եկեղեցի (Լուսանկարներ)

Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ.ի այցը Լիէժի Ասորի եկեղեցի (Լուսանկարներ)

Լիէժի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղյ. Պէսքիսիզեան այցելեց Լիէժի Ասորի Եկեղեցի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան գրասենեակի տարածած հաղորդագութենէն:

Հաղորդագրութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է՝

Կիրակի, 4 Դեկտեմբերին, Լիէժի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ․ Տ. Մաղաքիա Աբղյ. Պէսքիսիզեան, ընկերակցութեամբ ծխական խորհուրդի անդամ Կենջիկ Պետրոսեանի, ներկայ գտնուեցաւ Լիէժի Ասորի եկեղեցւոյ մէջ կատարուած եպիսկոպոսական սուրբ պատարագին եւ սիրոյ ճաշին։

Հոգշ. Հայր Սուրբը, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հրաւէրին համար եւ Պէլճիքայի եւ Ֆրանսայի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Ճորճ Արքեպս. Խուրիին փախանցեց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Գերշ․ Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի եղբայրական ողջոյնները:

Հանդիպման ընթացքին Հայր Սուրբը շնորհաւորեց նաեւ Լիէժի Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժպ․ Տ. Ֆիքրի Գապրիէլին՝ Ձեռնադրութեան 5-րդ տարեդարձին առիթով եւ իբրեւ յուշանուէր Տէր Հօրը հայկական խաչ մը նուիրեց։

Արարողութիւններէն ետք, Հայր Սուրբը եւ Պարոն Կենջիկ հրաւիրուեցան Ասորի Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Սրբազանի եւ հաւատացեալներու սիրոյ ճաշկերոյթին, որուն ներկայ էր նաեւ Լիէժի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Ժան Փիէր Եպս․ Տէլուիլ: Հայր Մաղաքիա առաջին անգամ կը հանդիպէր Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ առաջնորդին, որու հետ ջերմ եւ սիրալիր զյոյց ունեցաւ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեց Գերշ․ Տ. Ժան Փիէր Եպս. Տէլուիլը մասնակցելու Հայոց Սուրբ Ծննդեան պատարագին: 

Սիրոյ ճաշի վերջաւորութեան, Հոգշ․ Տ. Մաղաքիա Աբղյ. Պէսքիսիզեան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց Ասորի եկեղեցւոյ Առաջնորդին, Տ. Ֆիքրիին եւ համայնքին, ջերմ ընդունելութեան եւ հիւրասիրութեան համար եւ մաղթեց ուրախ տօնական օրեր: