Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տէր Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի տնօրինութեամբ այսօր՝ 18 օգոստոսին, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումի հետեւանքով մահացած անմեղ զոհերու հոգիներու համար։
Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն մէջ 17 եւ 18 օգոստոսին յայտարարուած է սգոյ օր՝ ի յիշատակ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթումի հետեւանքով զոհուած քաղաքացիներու։