Լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան մէջ կասկածուող Թուրքիոյ քաղաքացի ձերբակալուած է Պիշկեքի մէջ:
Թրքական լրատուամիջոցներուն փոխանցմամբ, կասկածեալին անունը Ահմետ Իսքանտեր է: 38-ամեայ Իսքանտերի կալանաւորման ժամանակ յայտնաբերուած է կեղծ անձնագիր եւ վարորդական իրաւունք:
Պարզուած է, որ օտարերկրացին կը հետախուզուի Թուրքիոյ իրաւպահներուն կողմէ: Սթամպուլի մէջ հետախուզում յայտարարուած է: Իսքենտեր կը մեղադրուի 2007 թուականի Յունուարին լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ծանր յանցանքներու, այդ շարքին` կազմակերպուած յանցաւորութեան առնչութիւն ունենալու եւ ապօրինի հրազէն պահելու մէջ:
Փաստի առթիւ քրէական գործ յարուցուած է Ղրղըզստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքի 378-րդ` «պետական սահմանը ապօրինի հատելը» եւ 379-րդ` «փաստաթուղթեր կեղծելը» յօդուածներով:
Փետրուար 28-ին Պիշկեքի շրջանային դատարանին որոշմամբ Իսքենտեր երկու ամիսով կալանքի տակ առնուած է: