Հրացանաձգութեան հետեւանքով 38 անձ զոհուած է Թայլանտի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Ալ Մայատին» կայանի կայքէն։
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ երկրի հիւսիսը գտնուող Նոնկ Պուա Լամ Նու շրջանի ոստիկանութեան նախկին անդամը (34 տարեկան) յարձակած է քաղաքի մէկ մանկապարտէզին ուղղութեամբ եւ կրակ բանալով սպաննած է 38 անձեր։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ զոհերուն մեծ մասը մանկապարտէզի փոքրիկներ են։
Ըստ շրջանի ոստիկանութեան բանբերին յանցագործը ունեցած է ընտանեկան հարցեր, եւ հրացանաձգութեան հետեւանքով ալ սպաննած է իր հարազատներն ու ապա անձնասպանութիւն գործած։
A former policeman killed 38 people included 22 children in a mass #shooting at a children's #childcare in #Thailand. The gunman later shot & killed himself. pic.twitter.com/J4oy6NSQtu
— SamuelFine1 (@SakoArian) October 6, 2022