image

ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի Վարչութեանց պատուիրակութիւնը Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք.ին մօտ

 ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի Վարչութեանց պատուիրակութիւնը Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք.ին մօտ

«Արեւելք» (Նիկոսիա),-  Կիպրոսի հայկական համայնքի  մարմիններուն հետ իր ունեցած ծանօթացման հանդիպումներու ծիրէն ներս Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք.. Օհանեան ընդունած է ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեանց ներկայացուցիչները։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։

Չորեքշաբթի 14 օգոստոս 2024ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութիւնը եւ հանդիպեցաւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տ․ Կոմիտաս Արք․ Օհանեանին հետ։ Վարչութեան ատենապետ Սարհատ Տէմիրճեան կազմի անունով շնորհաւորեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան հօր Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակման առիթով։ Հանդիպման ընթացքին, Սրբազան Հօր ներկայացուեցաւ վարչութեան գործունէութիւնը, անցնող շրջանին կատարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրները։ Եզրափակելով, Սրբազան Հայրը իր զօրակցութիւնը յայտնեց վարչութեան գործունէութեան, օրհնելով կազմակերպութեան բոլոր յառաջիկայ ծրագիրները եւ աշխատանքները։