image

Հայուհի Գարոլին Ղուկասը թեկնածու Սուրիոյ՝ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

   Հայուհի Գարոլին Ղուկասը թեկնածու Սուրիոյ՝ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

 Հայուհի Գարոլին Ղուկասը իր թեկնածուութիւնը դրած է Սուրիոյ մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։

 Կը նշուի, որ Ղուկաս ընտրութիւններուն կը մասնակցի, որպէս իր ծննդավայր Գամիշլիի աթոռին թեկնածու։

Ան մասնագիտութեամբ լրագրող է եւ երկար տարիներու մասնագիտական փորձ ունի մասնաւորապէս Սուրիոյ արաբական մամուլին մէջ։

Նշենք նաեւ, որ Ղուկաս ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի համալրելով Սուրիոյ իշխող «Պաաս» կուսակցութեան ցանկերը։