Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Կարապետեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած է, ան այս պահուն կը գտնուի Թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժնին մէջ եւ միացուած է արհեստական շնչառութեան։
Կը նշուի, որ Կարապետեան, չնայած յաղթահարած էր Գորոնա ժահրը, մէկ շաբաթ անց սկսած է շատ վատ զգալ, վիճակը կտրուկ ծանրացած է, ինչի հետեւանքով ալ շտապ տեղափոխուած է հիւանդանոց։