image
Հրատապ լուրեր:

Հայրենի յայտնի գործիչ Տիգրան Կարապետեանի առողջական վիճակը ծանր

Հայրենի յայտնի գործիչ Տիգրան Կարապետեանի առողջական վիճակը ծանր

Ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Տիգրան Կարապետեանի առողջական վիճակը կտրուկ վատթարացած է, ան այս պահուն կը գտնուի Թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժնին մէջ եւ միացուած է արհեստական շնչառութեան։

Կը նշուի, որ Կարապետեան, չնայած յաղթահարած էր Գորոնա ժահրը, մէկ շաբաթ անց սկսած է շատ վատ զգալ, վիճակը կտրուկ ծանրացած է, ինչի հետեւանքով ալ շտապ տեղափոխուած է հիւանդանոց։