image
Հրատապ լուրեր:

Որթատունկերու օրհնութիւն եւ հովուական այց. Հայր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան այցելած է Իլինոյ

 Որթատունկերու օրհնութիւն եւ  հովուական այց. Հայր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան այցելած է Իլինոյ

Հաւաքուեցանք որթատունկերուն շուրջ, հաւատքով համախմբուած՝ օրհնելու համար խաղողի այգին։ Քրիստոսի խօսքերը խորապէս արձագանգեցին մեր մէջ. «Ես եմ որթատունկը, դուք՝ ճիւղերը։ Եթէ դուք իմ մէջս մնաք, իսկ ես՝ ձեր, շատ պտուղ կու տաք. առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընեք»։ (Յովհ. 15:5)

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդ՝  Հայր Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան այցելած է Իլինոյ Նահանգի, Պէլվիլ քաղաքին մէջ գտնուող Սուրբ Աստվածածին - Շողակաթ  եկեղեցի, ինչպէս նաեւ Սէնթ Լուիսի մէջ գտնուող խաղողի այգիները, որթատունկերու օրհնութեան արարողութիւն կատարելու համար։ 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Թեմակալ Առաջնորդի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

«Այս շաբաթավերջը ինծի համար տուն վերադարձ կը թուի ըլլալ, քանի որ պիտի այցելեմ Ամերիկայի իմ առաջին ծուխս՝ Սուրբ Աստվածածին - Շողակաթ հայկական եկեղեցին՝ Պէլվիլի, Իլինոյի մէջ:

Երէկ, մենք այցելեցինք Սէնթ Լուիսի մէջ գտնուող գինեգործարան մը՝ կատարելու համար մեր աւանդական խաղողի այգիի օրհնութիւնը։ Աւանդոյթ մը, որ ես պատիւը ունեցայ հաստատելու, երբ այստեղ կը ծառայէի: Երբ կը քալէինք խաղողի այգիներուն մէջէն, տերեւներու մեղմ խշշոցը, բնութեան մէջ Աստուծոյ ձեռքին մասին կը խօսէր, արտացոլելով Անոր ստեղծագործութեան ե՛ւ գեղեցկութիւնը, ե՛ւ առատաձեռնութիւնը:

Հաւաքուեցանք որթատունկերուն շուրջ, հաւատքով համախմբուած՝ օրհնելու համար խաղողի այգին։ Քրիստոսի խօսքերը խորապէս արձագանգեցին մեր մէջ. «Ես եմ որթատունկը, դուք՝ ճիւղերը։ Եթէ դուք իմ մէջս մնաք, իսկ ես՝ ձեր, շատ պտուղ կու տաք. առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընեք»։ (Յովհ. 15:5)

Խաղողի այգին օրհնելու արարողութիւնը զուտ ծիսակարգ մը չէր։ Ան շօշափելի յիշեցում մըն էր երկրին եւ Արարիչին հետ մեր կապին մասին: Այդ այն շնորհքի պահն էր, երբ կը գիտակցինք, որ բոլոր լաւ բաները Աստուծմէ կու գան եւ կը հաստատենք մեր դերը՝ որպէս Անոր պարգեւներուն մատակարարները:

Սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ գինեգործարանի տէրերուն՝ հիւրընկալութեան համար, Սուրբ Աստուածածին - Շողակաթ եկեղեցւոյ հովիւ ՝Տէր Ոսկան Յովհաննէսեանին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Դանիէլ Մանճիկեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք մեզի միացան այս հոգեւոր ճանապարհորդութեան ընթացքին: Թող որթատունկերը շարունակեն ծաղկիլ, եւ թող մեր հաւատքը պտուղ տայ մեր կեանքին մէջ»: