image

Հայկական սփիւռքը ուծացման լուրջ խնդիր կը դիմագրաւէ. Արա Գոչունեան

Հայկական սփիւռքը ուծացման լուրջ խնդիր կը դիմագրաւէ. Արա Գոչունեան

Հայկական սփիւռքը այսօր արդէն կը դիմագրաւէ ուծացման լուրջ մարտահրաւէր, եւ սա կը վերաբերի առաջին հերթին Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդներուն:

Այս մասին Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Հայաստան -Սփիւռք 6-րդ համաժողովին մասնակցող, պոլսահայ համայնքը ներկայացնող, Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Ժամանակ» պարբերականի խմբագիր Արա Գոչունեանը:

Հարցին, թէ թուրքահայ համայնքը ունի՞ համախմբուածութեան մօտեցումներ եւ դիտարկման, որ վերջին շրջանին շատ կը խօսուի, որ համայնքը կը փոքրանայ, ջլատուած է, Արա Գոչունեան պատասխանած է. «Երեւի ամենակայուններէն մէկն է թուրքահայ համայնքը իր խոր աւանդոյթներով, բայց միւս կողմէն Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան ամուր եւ առողջ երթը երաշխաւորելու տեսակէտէն շատ էական է, որ մեր սփիւռքը ամրանայ: Մեր սփիւռքը այսօր արդէն կը դիմագրաւէ ուծացման լուրջ մարտահրաւէր, սերունդները արդէն անհաղորդ ձեւով կը շարունակեն համազգային մեծ ժառանգութեան իրենց երթը: Եւ այդ իմաստով, որքան մեր սփիւռքը արագ կարենայ այդ խնդիրները յաղթահարել, համապատասխան ձեւով նոր թափ, նոր լիցք կրնայ ստանալ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը»:

Եւ այդ իմաստով, ըստ բանախօսի, որքան մեր սփիւռքը արագ կարենայ այդ խնդիրները յաղթահարել, համապատասխանաբար, նոր թափ, նոր լիցք կրնայ ստանալ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնը:

Անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու արդիւնաւէտութեան՝ պոլսահայ խմբագիրը չէ թաքցուցած, որ շատ պարագաներու Հայաստան-Սփիւռք համաժողովներու արդիւնաւէտութիւնը կասկածի տակ կը դրուի, իսկ շատ պարագաներու այն կ'ընթանայ աւելի հայաստանակեդրոն մօտեցումներով:

Սակայն նշած է, որ այս՝ 6-րդ համաժողովը կ'առանձնանայ այլ ձեւաչափերու որոնումներով:

«Մենք կ'ապրինք յարափոփոխ աշխարհի մէջ, եւ այդ իրավիճակին մէջ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններն ալ բաւականին յարափոփոխ ձեւով կ'ընթանան, նոր ձեւերով կը զարգանան. հայոց պետականութիւնը 25-ամեայ անկախութիւնը բոլորած է, եւ, բնականաբար, նոր առաջնահերթութիւններ կ'ըլլան, նոր մարտահրաւէրներ: Եւ հակառակ շատ պարագաներու, Հայաստան-Սփիւռք համաժողովները արդիւնաւէտութեան իմաստով կը հարցաքննուին (կասկածի տակ կ'առնուին), բայց իրենից դերակատարութիւնը ունին, որպէսզի համայն աշխարհի հայութեան նախապատուութիւնները ինչ-որ ձեւով յստակեցուին եւ մեծ հայկական ներքին երկխօսութեան մը հարթակ ստեղծուի»,-ըսած է Արա Գոչունեան:

Ըստ վերջինիս՝ շատ ցանկալի է, որ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերություններ հաստատուին, բայց անցած տարիներու փորձը ցոյց տուած է, որ թուրքահայ համայնքը Հայաստանի հետ համագործակցութեան, Հայաստանի մէջ ներկայութիւն ապահովելու եւ համահայկական հարթակի վրայ գործելու որեւէ դժուարութիւն, սահմանափակում չունի: